
Միշտ չէ, որ ստեղծագործութիւն մը կը յաջողի բարձր ալիքներով խռովել լիճ մը՝ շրջանակաձեւ ալիքներ յառաջացնելով, կարծես քար մը նետուած ըլլար այնտեղ:
Այդպիսին էր «Թուղթ Առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը Հալէպի մէջ, 1944-ին առաջին հրատարակութեան օրէն ի վեր: Ոխակալ սովետապաշտ եւ կոմունիստապաշտ բանաստեղծ Գէորգ Աբովի հայհոյալից «Մենք Չենք Մոռացել» բանաստեղծութեան որպէս պատասխան գրուած, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ը, ոչ թէ լիճի մէջ քարի կտորի մը պատճառած ալիակներ տարածեց, այլ ամեհի ալիքներ բարձրացուց Սփիւռքի բոլոր տարածքին:
Կը կարծուէր, որ 50 տարեկան հասակը բոլորած սերունդին համար «Թուղթ Առ Երեւան»ը գուցէ արժէք մը ներկայացնէր, անցեալի կարօտը՝ նոսթալճիան բաւարարելու իմաստով. կը կարծուէր նաեւ, որ Սովետական Միութեան անկումէն ետք, այս տիպի գրականութիւնը գոյատեւելու պատճառ պիտի չունենար եւ մոռացութեան պիտի մատնուէր՝ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար, որ Սովետական Միութեան ժամանակակից չէ եղած: Բայց գրական-գեղարուեստական երեկոն ցոյց տուաւ, որ բանաստեղծական երկը բոլորովին ալ մոռացութեան չէ մատնուած:
Ի տես երեկոյի բացառիկ յաջողութեան, պարոն Մելքոնեան ըսաւ. «Խոստովանիմ, որ երբ նոր թարգմանութեան ողջունահանդէսի առաջարկը ստացանք «Սարդարապատ» գրատունէն, ես թերահաւատ կերպով ըսի, թէ այս «Թուղթ Առ Երեւան»ի նիւթը ժամանակավրէպ է եւ քիչեր պիտի ուզեն ունկնդրել»։
Սակայն գրական միաւորի եւ շրջանիս մէջ ապրող աւագ սերունդին համար մեծ անակնկալ էր, որ «Թուղթ Առ Երեւան»ի վերջերս լոյս ընծայուած անգլերէն թարգմանութիւնը բարձրացուց նոյն ամեհի ալիքները եւ պատճառեց նոյն գրական-քաղաքական խռովայոյզ ցնցումները, զորս Սփիւռքը այս գիրքին առիթով ապրեցաւ 75 տարի առաջ:
Այդ պատճառով ալ, Համազգայինի բազմաթիւ մասնաճիւղեր եւ միաւորներ յանձնառութիւն առած էին կազմակերպելու գրական երեկոներ, նոր հրատարակութիւնը գրականասէր հանրութեան ներկայացնելու համար: 2017-էն ի վեր, Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Պոսթընի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ անդամներ եւ գրականասէր հանրութիւն խուռներամ բազմութիւններով ներկայ գտնուեցան շնորհահանդէսներու երեկոներուն:
Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորը, համագործակցելով «Սարդարապատ» գրատան, «Ասպարէզ» օրաթերթին, «Հայրենիք» շաբաթաթերթին, «Շանթ» ուսանողական միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան հետ, իր լուման նուիրաբերելով՝ 19 Մարտ 2019-ին կազմակերպեց վերոյիշեալ գիրքին շնորհահանդէսը այս շրջանին համար: Սրահը ժամանակէն առաջ լեցուած էր գրականասէրներու, մտաւորականներու եւ համայնքի երեւելիներով: