
Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին եւ գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կարօ Աբրահամեանի «Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ» գործի Ա. հատորին հրատարակման նուիրուած ընթերցման հանդիպում մը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչներուն անունով արտասանեց Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ պոլսահայ գրողներու մասին Կարօ Աբրահամեանի աշխատանքը արդիւնք է մեծ ջանքի ու պրպտումի, որ յաջող փորձ մըն է: Գրիգորեան յայտնեց, որ «Բագին» գրական հանդէսը ամսական հերթականութեամբ պիտի կատարէ նմանօրինակ ձեռնարկներ՝ ստեղծելու համար համապատասխան մթնոլորտ:
Ապա խօսք առաւ «Ժամանակակից իսթանպուլահայ գրողներ» գործի Ա. հատորի ուսումնասիրող Կարօ Աբրահամեան, որ հաստատեց, թէ պոլսահայերուն հետ իր ունեցած մտերմութիւնը պատճառ դարձած է, որ ան ունենայ հետաքրքրութիւններ պոլսահայ գրողներուն մասին: Ան նշեց, որ գործը գրողներու մասին է եւ ոչ թէ գրականութեան, քանի որ ինք գրականագէտ չէ, այլ՝ ուսումնասիրող:
Աբրահամեան շեշտեց, որ պոլսահայ գրողներուն պատկանելիութիւնը հաստատելու համար մեծ հարցեր կան, որոնց մասին դժբախտաբար մամուլը չþանդրադառնար: Կարօ Աբրահամեան ըսաւ, թէ գիրքին Ա. հատորին մէջ ներկայացուած են ստեղծագործական գրականութիւնը՝ բանաստեղծները, թատերագիրները եւ արձակագիրները: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային նաեւ պատրաստուի հրապարակագիրներու, մանկապատանեկան գրականութեան եւ այլ նիւթերու շուրջ երկրորդ հատորը:
Կարօ Աբրահամեան խօսեցաւ հայ թարգմանիչներու, թրքա•իր գրողներու եւ ընդհանրապէս Պոլսոյ մէջ տիրող գրական մթնոլորտին մասին: Ան շեշտեց, թէ նմանօրինակ գործեր պէտք է քննութեան առարկայ դառնան գրախօսականներով, որոնք պէտք է ըլլան սկզբունքային եւ առարկայական:
Գործին մասին զեկուցումէն ետք, հերթաբար ընթերցուեցան գործերը պոլսահայ հեղինակներու, որոնցմէ կարելի է նշել Ռոպեր Հատեճեանը, Զահրատը, Յակոբ Խաչիկեանը, Անդան Էօզերը եւ ուրիշներ: