
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 28 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի «Արարատ» կազմակերպութեան «Արարատ» պարախումբին ելոյթը՝ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ համազգայնականներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ նմանօրինակ ձեռնարկներ կամուրջ կը հանդիսանան տարբեր գաղութներու միջեւ ամուր կապերու հաստատման, եւ այս շրջագիծին մէջ մշակոյթը լաւագոյն միջոցն է այդ յարաբերութիւններուն յառաջացման:
Խօսելով «Արարատ» պարախումբին մասին՝ Տեմիրճեան ըսաւ, թէ պարախումբը ստեղծուած է 1981-ին եւ անոր գեղարուեստական պատասխանատուն է Կարինէ Ղազարեան: Տեմիրճեան նշեց, որ անցնող տարուան աւարտին հայրենի «Ամբերդ» պարախումբի Լիբանանի ելոյթէն ետք այս ելոյթը Համազգայինի գործունէութեան կու տայ յաւելեալ նշանակութիւն եւ արժէք: Րաֆֆի Տեմիրճեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ. «Համազգայինի ու «Արարատ» կազմակերպութեան մեկնակէտը նոյնն է՝ համազգային սկզբունքներով ամէն ինչ կատարել Արարատին համար՝ տէր կանգնելու համար հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութեան եւ պահպանելու համար մեր մշակոյթը, հայրենիքն ու հարստութիւնները»:
Ապա բեմ բարձրացաւ Իրանի «Արարատ» պարախումբը, որ երկու արարներով շուրջ երկու ժամուան ընթացքին ներկայացուց հայկական ժողովրդական բազմաթիւ պարեր: Պարերէն կարելի է յիշել «Գարուն Երեւան», «Կիլիկիա», «Ուզունտարա», «Հողմը հայրենի», «Ծիրանի ծառ», «Զանգեզուր» եւայլն: Պարախումբը գեղեցիկ ու բարձրորակ կատարումներով նաեւ ներկայացուց հնդկական, գնչուական, ռուսական, եւրոպական ու այլ պարեր: Ելոյթին ասմունքներով իր մասնակցութիւնը բերաւ Սեդրակ Գոճամանեան:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ նշեց, թէ այս ձեռնարկը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրացման նպաստող նախաձեռնութիւն մըն է, որ արժանի է գնահատանքի: Ան այս առիթով գնահատեց Համազգայինի ու «Արարատ» կազմակերպութեան գործունէութիւնները: