
Հայ մշակոյթի ջահակիր եւ սերունդներու ներշնչարան Համազգայինը արդէն թեւակոխած է 90 տարին: Անոր վաստակը արգասիքն է տարիներու նուիրական առաքելութեան, որուն հաւատացած են միութեան հիմնադիրները, իրերայաջորդ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններն ու հաւատաւոր համազգայնականները: Այս առումով 90-ամեակի ձեռնարկները անգամ մը եւս կը շեշտեն հայապահպանման եւ մշակութային արժէքներու տարածման ջատագով Համազգայինի առանցքային դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը անգամ մը եւս ժամադրավայրը հանդիսացաւ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան, որ եկած էր ունկնդրելու Ֆրանքա Ռամէի եւ Տարիօ Ֆոյի «Սովորական օր» իւրայատուկ մենաներկայացումը` կատարողութեամբ հայրենի վաստակաւոր դերասանուհի Տաթեւիկ Ղազարեանի:
Բեմայարդարումը իր պարզութեան մէջ կը ներկայացնէր առօրեայ տան սենեակը, ուր տեղ գտած էր բազկաթոռը, հայելին, խմիչքի անկիւնը եւ հեռատեսիլը: Մենաներկայացման նիւթը կը շօշափէր ընտանեկան կեանքին հետ աղերս ունեցող ամուսնացած զոյգի մը բաժանումէն ետք արձանագրուած տեսագրութիւնը, որուն մէջ այս պարագային կնոջ` Ժիւլիին ամբողջ հոգեվերլուծութիւնը ներկայացուեցաւ: