
16 Յունիս 2018-ին, Վալանսի Դաւիթեան դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ ծանօթացումն ու ներկայացումը՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ իրականացած «Լալան ու Արան – Գոյներու Աշխարհ եւ Ձեւերու Աշխարհ» մանկական դաստիրակչական խաղերուն՝ IOS եւ Android գործիքներու համար:
Համազգայինի Վալանսի «Լ. Շանթ» Մասնաճիւղին անունով Մարալ Թուխմանեան Հարպոյեան փոխանցեց, թէ սոյն խաղերը ստեղծուած են հայ մանուկներուն մօտ հայերէնի նկատմամբ սէր եւ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու նպատակով։
«Լալան ու Արան – Գոյներու Աշխարհ» խաղը ներկայացուած է ինչպէս արեւմտահայերէն, այնպէս ալ արեւելահայերէն: Իսկ «Ձեւերու Աշխարհ»ը ներկայացուած է միայն արեւմտահայերէն։
Վերոյիշեալ խաղերը կարելի է ներբեռնել անվճար կերպով՝ դիմելով App Store եւ Google Play առցանց խանութներ։ Իսկ խաղի մասին մանրամասնութիւններ կարելի է գտնել www.lalanouaran.com-ի կայքին մէջ:
https://www.facebook.com/LalanOuAran/