
Աբօ Սահակեան
Սահակեան, որ կ°ապրի եւ կ°աշխատի Երուսաղէմ, մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի Ուսանողական Ֆորումին (2009): Ստորեւ՝ իր տպաւորութիւնները դէպի Արագած ուղեւորութենէն:
Լերան մը գագաթին կանգնիլը կրնայ քիչ մը վախնալիք թուիլ: Հակառակ անոր, որ ես բնաւ չհասայ գագաթը, այլ պարզապէս կտրեցի դէպի գագաթ տանող ճամբուն մէկ չորրորդը, քիչ մը վախ կը զգայի: Տեսադաշտդ նուաճուած է անվերջ կանաչ բլուրներով, աւելի ցած, (բայց ոչ նուազ վախազդու) լեռներով, եւ լճակի մանրանկարով մը, որ կատարելապէս կը վայելէ երկրի վրայ մեկուսացած դրախտի այս կտորին: Այս տեսարանին էր որ ականատես էի կանգնած գլորուող քարերու վրայ, որոնք պատրաստ էին զիս հասցնել վար՝ մինչեւ իմ վերջին շունչիս: Բայց այս բոլորէն ոչ մէկը նշանակութիւն ունի այն պահուն, երբ, ակնթարթի մը, կենսական ակնթարթի մը ընթացքին, զոր շատ քիչեր կրնան իսկապէս ապրիլ, դուն կը տեսնես այնպիսի դիւթիչ գեղեցկութիւն, որ կարող ես դիտմամբ դուն քեզ քարերն ի վար գլորել: Միակ պակսող երեւոյթը տուտուկի մը զգացական ձայնն էր: Բայց նոյնիսկ այն կատարելապէս փոխարինուած էր բարձր զեփիւռներու սիրերգութեամբ, որ այնքան քաղցրութեամբ կ°օրօրէր լռութիւնը:
Եւ ես այդ պահը ապրեցայ Արագած լերան վրայ:
Բայց պէտք է որ ընդունիմ այս. ես թերագնահատեցի լեռը: Սակայն պէտք չէ զիս այպանէք, քանի որ ես մեծցած էի Արարատի մասին պատմութիւններով: Ո՞ր հայու տան մէջ կրնաք գտնել դրան դիմացէն ձեզ դիմաւորող Արագածի նկարը, աւելի ուշ, տան ներսը լերան աւելի մեծ նկարը գտնելու համար: Անձամբ ես բնաւ նման իրավիճակ չեմ տեսած: Արարատի ստուերին տակ ապրիլը կրնայ իրապէս զայրացուցիչ ըլլալ: Եւ քանի որ խոստովանանքի նստարանին վրայ եմ, կրնամ աւելցնել, որ ես նոյնիսկ չէի գիտեր, թէ Արագածը ի°նչ տեսք ունէր: Արարատը Հայաստանի ամենաբարձր գագաթն էր: Հիմա այն եղած է Արագածը: Մինչ Արարատի մասին խօսելու ժամանակ կիրքը բառային համընդհանուր ազդակն է, Արագածի մասին խօսելու ժամանակ մարդիկ մեծապէս կարիքը կ°ունենան բառային արտայայտութիւններու: Հետեւաբար, լերան հանդէպ իմ հետաքրքրութիւնս նուազեցաւ՝ հասնելով մինչեւ իսկ ոչ հայրենասիրական ցած կէտի: Մեզ Արագած տանող փոխադրակառքին մէջ նստած երաժշտութիւն ունկնդրելով եւ ձախ կողմի պատուհանէն դուրս նայելով վերջապէս հասաւ այդ պահը: Նախ լեռները, յաջորդ ամենաբարձր լեռները, եւ վերջապէս սառած գագաթներով լեռը: Ակնթարթի մը համար վստահ չէի թէ այդ գագաթները ի°նչ կը կոչուէին: «Վրաստա՞ն,» անցաւ մտքովս: «Չէ, չի կրնար ըլլալ: Սահմանէն շատ հեռու ենք: Ազերպէյճանը կը գտնուի միւս կողմը: Թուրքիա՞: Արդեօք այդ լեռը Թուրքիո՞յ մէջ է: Լաւ, իսկ ի՞նչ ըրած են Արարատին»: Հետեւաբար, այո°, Արագածի հետ իմ առաջին հաղորդակցումս շատ անծանօթ եզրերով էր: Հակառակ ատոր, ես հմայուած էի լերան ֆիզիքական միսթիք ուրուագիծով, անոր բազմաթիւ գագաթներով: Երբ արդէն հասայ այն եզրակացութեան, որ այդ լեռը կը գտնուէր Հայաստանի մէջ, եւ ոչ թէ Անդրկովկասի այլ երկիրներէն մէկուն մէջ, փոխադրակառքը կանգ առաւ եւ ես զգացի զեփիւռը:
Մենք վերջապէս հանդիպեցանք: Ի՞նչպէս մինչեւ հիմա ուշադրութիւն չէի դարձուցած այս լերան: Տրամաբանական տեսանկիւնէ դիտելով, կրնաք համաձայնիլ ինծի հետ. եթէ գիրուկ աղջկայ մը մտերիմ ընկերուհին գեղեցկուհի է, ապա ոչ ոք առաջինին ուշադրութիւն կը դարձնէ: Նոյնը պատահեցաւ ինծի հետ եւ ես հաւատարիմ գտնուեցայ Ադամի ծիներուն: Տարիներ շարունակ Արարատի նկարներ, պատմութիւններ, թի¬շըրթներ, երգեր եւ լուսանկարներ ունենալէ ետք, ես ակամայ մղուած էի հաւատալու, որ ոչ մէկ լեռ կրնայ հասնիլ Արարատի գեղեցկութեան: Կը հաւատամ, որ նոյնիսկ հիմա նուազ տեսարժան մտերիմ ընկերը նոյնպէս վայրենիօրէն հիանալի բոց մը կը պահէ իր ուշագրաւ աչքերուն մէջ:
Ես տեսայ Հայաստանը, այն իրական բնաշխարհը, ուրկէ ես ձայն կու տամ: Տեսայ լեռներու եւ բլուրներու անվերջ շարաններ: Տեսայ իմ ազգային ժառանգութիւնս, աւանդութիւններս եւ մշակոյթս: Տեսայ շքեղութիւնը, փառքը եւ հզօրութիւնը: Տեսայ վայելչութիւնն ու նրբութիւնը: Ապրեցայ իսկական ներքին խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն: Գտայ դրախտը, վերջապէս գտայ իմ սեփական դրախտս: Այս ամբողջը, այս բոլոր ապրումները, զգացումները եւ զգայնութիւնները գտայ ակնթարթի մը համար, զոր շատ քիչերը կրնան ապրիլ: Տեսայ գեղեցկութիւնը, գեղեցկութիւն մը, որ թոյլ չտուաւ որ ես աւելին տեսնեմ:
Պէտք էր որ ետ իջնէի իմ առաջուան տեղս: Շատ ցուրտ էր եւ պահը վերջացած էր: Ան այլեւս զիս այնտեղ չէր ուզեր եւ ես խորին ափսոսանքով եւ վիշտով, զինք թողեցի իր մենութեան եւ շողքին մէջ, որուն ան վարժուած էր: Վար իջնելու ժամանակ որոշեցի, որ ետ պիտի գամ այցելելու եւ շահելու Արագածին սիրտը, քանի որ ան պարզապէս հոն է վերջ ի վերջոյ: Հետեւաբար, հպարտութիւն, քու անունդ Արագած է:
(Արմինիըն Ուիքլի)