
Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբի տարեկան ծրագիրին մաս կը կազմէ գրական,դասախօսական երեկոներու կազմակերպումը, նուիրուած հայ գրականութեան ականաւոր դէմքերու։
Հինգշաբթի, 26 Մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, «Լ. Շանթ» սրահէն ներս կայացաւ գրական երեկոյ մը նուիրուած` մեծանուն Լ. Շանթի մահուան 60-ամեակին։ Օրուան դասախօսն էր արձակագիր, բանաստեղծուհի, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօսուհի՝ Տիկ. Մարուշ Երամեան։
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Լուսին Քէլէշեան, որ բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ իբրեւ Համազգայինի անդամներ կրկնակի յարգանք եւ երախտիքի զգացումներ ունինք Լ. Շանթի նկատմամբ, նախ իբրեւ մարդ ու գրագէտ,ապա իբրեւ հիմնադիր Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան։
Գեղարուեստական յայտագրով գրական յանձնախումբի ընկերուհիներէն Նարինէ Գոնճայեան ներկայացուց Լ.Շանթի բանաստեղծութիւններէն «Ես Պատրանքը Սիրեցի» ոտանաւորը, իսկ Նանոր Մինասեան՝ Մուշեղ Իշխանի թարգմանութեամբ լոյս տեսած Քիփլինկի «Եթէ» քերթուածը, ուր մեծ չափով խտացած է Լ. Շանթի հասկացողութեամբ մարդ ըմբռնումի իսկական տիպարը։
Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց Տիկ. Մարուշ Երամեանը ներկայացնելու դասախօսութիւնը։ Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ Լ. Շանթի կենսագրութեան ու բեղուն գործունէութեան եւ ապրած տարբեր միջավայրերու ազդեցութեան։ Տիկ. Մարուշ նշեց, որ Լ. Շանթ մեր գրականութեան գագաթներէն մէկն է, անոր մէջ բացայայտօրէն կը գործեն մանկավարժը, բանաստեղծը, արձակագիրը եւ մանաւանդ թատերագիրը։ Ան աւելցուց, որ Լ. Շանթ մեր գրականութեանմէջ թերեւս միակ անունն է, որ կը խտացնէ մեր ժամանակակից պատմութեան բոլոր հանգրուանները։ Ազգային եւ քաղաքական կեանք վարելու կողքին Շանթ հեղինակած էր գեղարուեստական գիրքեր՝ բանաստեղծութիւններ,վիպակներ եւ թատերակներ, դասագիրքեր եւ գիտական գիրքեր, ինչպէս՝ հոգեբանութիւն (2 հատորով) եւմանկավարժութիւն։ Շանթի ամբողջական երկերու ընթերցումը ի յայտկը բերէ իսկական մտաւորականի մը տիպարը, որկեանքը ապրելու յատուկ փիլիսոփայութիւն մը ունի։ Շանթ կը հաւատայ, որ մարդ միշտ դէպի վեր նայելուէ՝ միշտ աւելիին ու գեղեցիկին ձգտելու։
Շանթ հիմնադիրներէն է Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան եւ գլխաւոր հիմնադիրն է Պէյրութի հայ ճեմարանին, հետագային՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարան, որուն տնօրէնութեան պաշտօնը վարեց մինչեւ իր մահը։
Տիկ. Մարուշ դասախօսութեան կիսուն ցուցադրեց տեսաերիզ մը պատրաստուած՝ հայրենի երիտասարդ արուեստագիտուհիի մը կողմէ,որ ցոյց կու տար, թէ Շանթ տակաւին մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ այսօրուան մեր երիտասարդութեան վրայ։
Դասախօսութեան երկրորդ մասին մէջ Տիկ. Մարուշ ներկաներու ուշադրու թիւնը հրաւիրեց Շանթի հերոսուհիներուն վրայ, եւ անդրադարձաւ ֆէմինիզմի երեւոյթին։ Ան ներկայացուց «Դերասանուհին», «Կինը» վիպակները եւ «Կայսրը» թատերակի դիպաշարները,ապա վերլուծումներ կատարեց անոնց հերոսուհիներու մտածելակերպի մասին։ Դասախօսուհին աւելցուց. «Շանթի հերոսուհիները սովորական կիներ չեն եղած, այլ քաջ, յանդուգն, ըմբոստ եւ նախաձեռնող։ Անոնք միշտ ձգտած են մտածելակերպի ե ւազատութեան իրենց կենսաձեւի ընտրութեան»։
Տիկ. Մարուշ իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Կեանքի գերագոյն արժէքը, իր իսկ կեանքի օրինակով գլխագիր մարդ դառնալու ձգտումն է»։
Աւարտին հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկ. Մարուշին, իր ներկայացուցած համապարփակ դասախօսութեան համար,ապա հրաւիրեց Թեմիս Առաջնորդ Տ. Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեանը, փոխանցելու իր խօսքը։
Սրբազան Հայրը գնահատեց Համազգայինի գրական յանձնախումբի այս նախաձեռնութիւնը նուիրուած Համազգայինի հիմնադիրներէն Լ.Շանթի մահուան 60-ամեակին, յատկապէս գնահատեց Տիկ.Մարուշի ներկայացուցած մասնագիտական վերլուծումները։ Ապա մատնանշեց. «Շանթ ինք դպրոց մըն է, մտքի ու արուեստի դպրոց։ Ան խորապէս պեղելիք հանք մըն է, որուն պեղումը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի»։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւարտեց իր խօսքը աւելցնելով՝, «60-ամեակ է. մեզմէ մեկնած, սակայն հորիզոնի վրայէ Լեւոն Շանթ, որ լուսաւոր կերպով կը փայլի ե՛ւ իբրեւ մարդ ե՛ւ իբրեւ հայ»։
Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով երեկոն հասաւ իր լրումին։
ԷլիզապէթՄալխասեան-Գոնճայեան