
«Հազար ութ հարիւր վաթսունինն թուին
Հայոց այգիներն ի՞նչ պտուղ տուին,
Հայոց արտերում ի՞նչ բերք էր հասել,-
Դժուար է ասել:
Սակայն այդ թուին Մայր Հայաստանի
Արգանդը եղաւ սրբօրէն բեղուն»:
Սեւակը ճիշդ է: Այդ տարին մեզի նուիրած է՝ Կոմիտաս, Թումանեան, Օտեան եւ Շանթ...
3 Մայիս, 2019-ին, «Համազգային»ի Երեւանի գրասենեակն ու Ֆէոտորոֆ Նանսէնի թանգարանը նշեցին Լեւոն Շանթի 150-րդ տարեդարձը: Մտաւորականներու, գրականասէրներու շարքին, ձեռնարկին ներկայ էին Երեւանի Լ. Շանթի անուան եւ Գեղարքունիքի Գետիկ գիւղի դպրոցի աշակերտներ:
Ֆ. Նանսէին թանգարանի աւանդապահ՝ Անահիտ Վարդանեան խօսեցաւ Լեւոն Շանթի գրական աւանդի, մանաւա՛նդ «Հին Աստուածներ»ու մասին:
«Համազգային»ի խորհուրդի նախագահ, Կ. Վարչութեան անդամ՝ Սպարտակ Ղարաբաղցեան հակիրճ խօսքով անդրադարձաւ Լեւոն Շանթի կերպարին եւ նշեց, որ շուտով «Համազգային»ը ընթերցողին պիտի հրամցնէ մեծ հայուն նուիրուած հրատարակութիւնը:
Հրապարակախօս, գրագէտ, ֆրանսահայ «Կամք» թերթի խմբագիր Յակոբ Պալեան, ի՛նքն ալ մանկավարժ, կեդրոնացաւ Լ.Շանթի մանկավարժական գործունէութեան վրայ: Ան նաեւ խօսեցաւ Շանթի մէկ այլ կարեւոր ստեղծագործութեան՝ «Շղթայուած»ի այժմէականութեան մասին, աշակերտներուն յորդորեց, որ ամէն գնով կառչած մնան հայրենիքին, չհեռանալ հողէն ու ոգիէն: Խօսքի առիթ տրուեցաւ նաեւ ներկաներուն:
Աւարտին, դպրոցականները նուէր ստացան «Համազգային»ի եւ Ֆ. Նանսէնի թանգարանի հրատարակած գիրքերը: