
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 13 Մայիս 2010-ին՝ երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի իւղաներկ-ջրաներկ-փորագրութիւն ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, նախկին երեսփոխան Ժաք Չուխատարեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, Համազգայինի պատգամաւորական ժողովի ներկայացուցիչներուն, հայ թէ օտար արուեստագէտներու ու արուեստասէրներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի վարչութեան անունով արտասանեց Լոլա Պէօյիւքեան, որ նշեց, թէ նշեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած Թորոսեանի ստեղծագործութիւնները բաժնուած են չորս շրջաններու՝ նախաակեդամական եւ ակադեմական շրջան (1950-1953, Լիբանան), Փարիզի ակադեմական շրջան (1956-66), վերացապաշտութեան շրջան եւ Հայաստանին նուիրուած շրջան: Ապա Պէօյիւքեան ներկայացուց Թորոսեանի կենսագրութիւնն ու գեղարուեստական արժէքը:
Ապա խօսք առաւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ ցուցասրահին մէջ կարճ ժամանակի ընթացքին ներկայացուած են 7 ցուցահանդէսներ, ու այս ութերորդը ունի իր իւրայատկութիւնը, քանի որ կը զուգադիպի Համազգայինի պատգամաւորական ժողովին: Հաւաթեան հաստատեց, որ Համազգայինի շուրջ համախմբուած հաւաքական ու անվերապահ գործակցութեան ոգին է, որ միջոց կը հանդիսանայ նոր նուաճումներու եւ վերելքի: Ան շնորհաւորեց Յարութիւն Թորոսեանը՝ գեղանկարչութեան մէջ իր ունեցած մեծ ու բարձրորակ ներդրումին համար:
Իսկ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան յայտնեց, թէ ինք կը կատարէ իր գործը մեծ հաւատքով, քանի որ նկարչութիւնը «մեծ մարդու գործ է»: Թորոսեան նշեց, թէ իրեն համար Համազգայինի հետ ցուցահանդէս կազմակերպելը ունի յատուկ արժէք, մինչ ինք շարունակ պիտի ստեղծագործէ՝ պատասխանելով իր «ներքին ձայն»ին: Բացման հանդիսութեան ընթացքին նաեւ իր քաջալերական խօսքը փոխանցեց լիբանանցի թղթակից մը, որ էապէս գնահատեց Թորոսեանին գործերը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 60 գեղանկարներ, որոնք Թորոսեանի բազմամեայ գործունէութենէն նմոյշներ են: Ան ներկայացուցած է 1950-2009 տարիներու ընթացքին •ծագրուած ու փորագրուած լաւագոյն ստեղծագործութիւններ, որոնք կþարտայայտեն տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու զգացումներ, ցաւեր, ապրումներ ու յուզումներ: Յարութիւն Թորոսեանի գործերու հաւաքածոն ներկայացնող ցուցահանդէսը ամբողջական իմաստով կը ներկայացնէ գեղանկարիչին երթը արուեստին եւ անոր ծառայութիւնը այդ աշխարհին: