
Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կը ծանուցէ, թէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի Օշական մատենաշարէն լոյս տեսած է Կոստան Զարեանի Կղզին եւ մի մարդ եւ Լօրընս Տառէլի Պրոսպերոյի կղզին գործերը պարփակող միացեալ հատորը, Զարեան/Տառէլ ընդհանուր խորագրին տակ։
Ընդառաջելով մատենաշարի Խմբագրական խորհուրդի դիմումին, հատորին կազմութիւնը, խմբագրութիւնը եւ բոլոր ծանօթագրութիւններու պատրաստութիւնը կատարած է հանրածանօթ գրականագէտ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որուն գրական վաստակին մէջ նկատառելի տեղ կը գրաւէ Զարեանի կեանքին ու գործին ուսումնասիրութիւնը։
Զարեանի գործը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1955-ին՝ Հայրենիք ամսագրին մէջ (գիրքով` 2016-ին Հայաստանի մէջ)։ Հեղինակը իր վիպակին նիւթը քաղած է իտալական Իսկիա կղզիի իր կեցութեան տարիներէն, կերպարներու շարքին ներկայացնելով իր վաղեմի բարեկամ՝ անգլիացի նշանաւոր գրագէտ Լօրընս Տառէլը։ Հատորին միւս գործը՝ Պրոսպերոյի կղզին ուղեգրութիւնը, որուն կերպարներէն մէկը Զարեանն է, հայերէնի թարգմանած է հանգուցեալ Դոկտ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան։