
Կազմակերպութեամբ Համազգային մշակութային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին՝ «Խրիմեան Հայրիկ»ի բացառիկ ու աննախադէպ ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, բազմատաղանդ թատերագիր, արուեստագէտ, հեղինակ, մենակատար եւ բեմադրիչ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի կատարումով:
Հանդիսութեան ներկայ էին շուրջ 300 արուեստասէրներ, որոնք եկած էին ըմբոշխնելու եւ վայելելու մեր պատմութեան եզակի դէմքերէն, մեր կաթողիկոսներու շարքին ամենատառապած եւ չարչարուած ու եզակի դէմքերէն մին եւ հայ ժողովուրդի պատմական «Երկաթէ Շերեփ»ի մասին խօսած, անմոռանալի Հայրիկին՝ Մկրտիչ Խրիմեան Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին մասին ներկայացումը:
Բարի գալուստի հանդիսութեան խօսքը կատարեց հանդիսավարուհի եւ շրջանիս Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ռուբինա Գասպարեան: Ան նախ հակիրճ խօսքերով ներկայացուց դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի կենսագրական գիծերը, ապա անդրադարձաւ Խրիմեան Հայրիկի կեանքին ու գործունէութեան: