
Մեծ խանդավառութիւն ու շէնութիւն մը կար այդ օր՝ Շաբաթ, 18 Յունիս 2022-ին Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, գետնայարկէն մինչեւ երկրորդ յարկի Տէմիրեան սրահ։
Սրահը զարդարուած էր այդ օրուան նախընթրիքի հիւրասիրութեան պատշաճող շատ գեղեցիկ սեղանով մը, կապոյտ գոյներու տարբեր երանգներով։ Այդ օր, ամավերջի հանդէսն էր Կապոյտ Տնակին, որուն գործունէութեան Ա. տարին է 2021 -2022 տարեշրջանը։
Կապոյտ Տնակը աշխատանոց մըն է հայերէն լեզու, մշակոյթ եւ պատմութիւն փոխանցելու երեխաներուն՝ խաղերով, երգերով եւ ձեռային աշխատանքներով, ըստ կարելւոյն շաբաթական երկու ժամուան ընթացքին։
Կապոյտ Տնակի ստեղծումը նախաձեռնութիւնն է Փարիզի Համազգայինին, ընդառաջելով կարգ մը ծնողներու խնդրանքին, որուն հանդէպ Համազգային չէր կրնար անտարբեր մնալ։ Հակառակ համաճարակի ստեղծած անորոշ վիճակին, շուտով Համազգայինը կազմեց երկու դասարաններ 3-4 եւ 5-7 տարեկաններու համար, ուր կը դասաւանդեն Ռոզին Թաշճեան եւ Նոնիկ Յովհաննէսեան չորս օգնականներու ընկերակցութեամբ։ Պէտք է նշել, որ երեխաներու ութսուն առ հարիւրը հայախօս չէ, ինչ որ կը պահանջէ առաւել աշխատանք։
Այդ օրուան ահռելի տօթը(38°C) չէր կասեցուցած մանուկներուն եւ կազմակերպիչներու թափը, եւ յիշատակելի էր ծնողներու բացարձակ ներկայութիւնը։
Նոնիկ Յովհաննէսեան հայերէն լեզուով իր բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն իրենց ներկայութեան նաեւ իրենց վստահութեան, քաջալերանքին եւ հետեւողականութեան համար։ Ան ըսաւ, որ մեր նպատակը եղաւ ընդունիլ երեխաները հայկական մթնոլորտի մէջ եւ ցոյց տալ, որ թէեւ կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ, սակայն ժառանգած ենք լայնածաւալ պատմութիւն, լեզու եւ գիր։ Ապա աւելցուց ըսելով, որ յաջորդ տարի ծրագրած ենք ունենալ երրորդ դասարան մը։
Լոռի Պաղտասարեան, իբրեւ ծնողք, ֆրանսերէնով յայտնեց հետեւեալը. «Համազգային-Փարիզը կրցաւ իրականացնել մեր երազը, բերել մեր զաւակները այն նոյն յարկին տակ, ուր մենք հայերէն սորվեցանք Կապոյտ Խաչի հայերէնի դասընթացքներուն ընթացքին։ Ամէն բան իրականացաւ շնորհիւ մեր ընկերոջ Սեւակ Թոսունեանի խանդավառութեան եւ յարատեւ ջանքերուն»։
Բացման խօսքէն ետք Ա. դասարանի փոքրերը Ռոզին Թաշճեանի ղեկավարութեամբ մասնակցեցան իրենց թաշկինակներով «Բարի լոյս» երգին, որուն կը յաջորդէր «Շողգամի» զաւեշտը ՝ուր իւրաքանչիւր փոքրիկ ունէր իր յատուկ դերը։
Երկրորդ դասարանի երեխաները ներկայացուցին Սասունցի Դաւիթի առասպելական հեքիաթի գլխաւոր հերոսները, իւրաքանչիւրը յայտնելով իր ինքնութիւնը՝ ստանձնած դերին մէջ, այս բոլորը իրենց ուսուցչուհիին Նոնիկ Յովհաննէսեանի եւ Կարէն Ճիմպաշեանի մեկնաբանութեամբ, պաստառի վրայ արդէն արձանագրուած հայերէն եւ ֆրանսերէն տարբերակներով։
Յայտագրի վերջաւորութեան երեխաները, ուսուցիչները եւ ծնողները միասին շրջանակ կազմած երգեցին նախապէս բազմագրուած «Մենք մանուկներ հայոց ազգի» եւ «Ցտեսութիւն» երգերը։
Հանդէսը փակուեցաւ նախընթրիքի հիւրասիրութեամբ, ուր ծնողներ խմբուած կը զրուցէին։ Հոն կը լսեմ հետաքրքրակսն արտայայտութիւններ. «Տղաս հոս հանգիստ զգաց, բարդոյթ չունի, կը տեսնէ, որ կան իրեն նման հայ եւ ոչ հայախօս երեխաներ, որոնք կ՛ուզեն հայերէն սորվիլ, եւ ուրախ եմ որ զաւակս հայ ընկերներ ալ պիտի ունենայ»։ Ուրիշ մը. «Ես ալ ուրախ եմ, որ աղջիկս վարժուեցաւ հայկական մթնոլորտին եւ հայկական դպրոցին, որ այլեւս իր շաբաթական յայտագրին մաս պիտի կազմէ»:
Լսելով այս բոլորը հարց տուի ես ինծի. «Արդեօք այս լսածներս չէի՞՚ն լրացներ Համազգայինի Փարիզի նախաձեռնութեան նպատակներէն մաս մը»։
Յաջողութիւն «Կապոյտ Տնակին», մաղթելով երկար տարիներու յարատեւում։
Ներկայ մը