
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 21 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կարինէ Ալեքսանտրեանի նուիրուած յիշատակի երեկոյ՝ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, միութենականներու եւ ընտանեկան պարագաներու:
Յիշատակի երեկոյին բացման խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ նշեց, թէ Ալեքսանտրեան ընթացիկ միութենական մը չէր: Ան ըսաւ, թէ Կարինէ Ալեքսանտրեան Համազգայինի «Քնար» պարախումբի եւ «Գ. Իփեկեան» թատերախումբի տարազներու յղացման ու ձեւաւորման աշխատանքը տարիներու տեւողութեամբ իրականացուցած էր, ինչպէս նաեւ՝ ստանձնած ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնի կազմաւորման ու բարգաւաճման աշխատանքները:
Ապա ներկաները դիտեցին լուսանկարներու ու վկայութիւններու հաւաքածոյի մը տեսաերիզը, որմէ ետք ԼՕԽ-ի խօսքը արտասանեց Սեդա Չէօրեքճեան, որ յայտնեց, թէ Կարինէ Ալեքսանտրեան յատուկ անհատականութեան տէր անձնաւորութիւն մըն էր, որ ունեցաւ իր մեծ դրոշմը:
Զաքար Քէշիշեանի եւ Կամիլա Քէշիշեանի կատարողութեամբ գեղարուեստական յայտագիրի ներկայացումէն ետք, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Լատոյեան: Ան ըսաւ, որ Ալեքսանտրեան ունէր թափանցիկ հոգի, ազնիւ նկարագիր եւ մաքուր բնաւորութիւն: Լատոյեան հաստատեց, որ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն աշխուժացումը լաւագոյն առիթն է՝ հաստատելու համար, թէ Ալեքսանտրեանի եւ բոլոր նուիրեալ համազգայնականներուն երազը կþիրականանայ: Յակոբ Լատոյեան նշեց, որ Կարինէ Ալեքսանտրեանի օրինակը դաստիարակիչ ցուցանիշ մըն է յաջորդող սերունդներուն համար:
Լատոյեանի խօսքին յաջորդեց ասմունք՝ կատարողութեամբ Իրմա Տէտէեանին, որ ներկայացուց «Քու յիշատակդ այս գիշեր» եւ «Բաղձանք» բանաստեղծութիւնները: Արթուր Մեսճեանի երգերէն մէկուն ունկնդրութեամբ փակուեցաւ Կարինէ Ալեքսանտրեանին նուիրուած յիշատակի երեկոն: