
Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը իր մօտալուտ համերգներուն իբրեւ նախապատրաստութիւն, կիրակի, 13 ապրիլ 2008-ին ունեցաւ միօրեայ աշխատանքային հանդիպում- պտոյտ մը, որ տեղի ունեցաւ ՔՋԱԿ կեդրոնին մէջ՝ ներկայութեամբ երգչախումբի խմբավար Զաքար Քեշիշեանին:
Հաւաքին ընթացքին կարկաչականները երգի փորձերով, աշխատանքներով եւ ընկերային զուարթ մթնոլորտի մէջ անցուցին յիշարժան, օգտաշատ ու դաստիարակիչ պահեր:
Նշենք, որ «Կարկաչ»ի աշակերտական ելոյթները պիտի սկսին 29 ապրիլին, իսկ երգչախումբին հրապարակային ելոյթը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 4 մայիսին, Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»ին մէջ:
Այս տարուան համերգները նուիրուած են Համազգայինի հիմնադրութեան 80-ամեակին եւ Արցախեան շարժման 20-ամեակին: