
Կիրակի, 13 Մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակահար` Լիանա Յարութիւնեան:
Խօսք առաւ Զաքար Քէշիշեան: Ան ըսաւ, թէ տարիները շատ արագ կը սահին: «Անցեալ տարուան այս օրերուն նշուեցաւ «Կարկաչ»-ի հիմնադրութեան 20-ամեակը, այս տարի Դեկտեմբերին կատարեցինք մեզի համար ստեղծուած հայրենի երաժշտահան Արմենուհի Կարապետեանի օրաթորիան, եւ ահաւասիկ այսօր կը ներկայանանք մեր տարեկան ելոյթով` հինգ տարբեր գեղեցիկ առիթներով: Բեմի վրայ մանկական խումբն է, որ իր իւրայատկութիւնը ունի: Կ՛երգեն միաձայն եւ իրենց առաջին երգչական թոթովանքները կը կատարեն` հետագային հասնելու համար արհեստավարժ պատանեկան, աւելի ուշ երիտասարդական երգչախումբ, ապա «Գուսան» երգչախումբ, որպէսզի իրենց քով ամրապնդուին երգչախմբային արուեստի սկզբունքները: Մենք կը հաւատանք մեր առաքելութեան եւ կը շարունակենք», ընդգծեց Քէշիշեան:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: