Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով «Կարօտի եւ պայքարի ղօղանջներ» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Յայտագիրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Ռոպերթ Առաքելեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա ձեռնարկը կազմակերպողներուն անունով խօսք առաւ Լուսիկ Աֆարեան, որ յայտնեց, թէ «քաջ գիտենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկները ինքնանպատակ չեն. իւրաքանչիւրը ունի իր ինքնուրոյն դիմագիծը, իսկ նպատակը անշեղ է բոլորին համար»: