
Հովանաւորութեամբ` Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի` Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին, կազմակերպութեամբ` Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայրենասիրական երգերու համերգ, կատարողութեամբ` «Կիլիկիա» երգչախումբին, խմբավարութեամբ` Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ` օրդ. Էւա Պետրճիքեանին։
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Օսան Քիլաղպեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Քեսապի մշակութային կազմակերպ գործունէութիւնը, ապա «Կիլիկիա» երգչախումբի ծնունդը եւ աշխատանքը մինչ օրս։ Խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք նեցուկ կանգնեցան յաջողցնելու սոյն ձեռնարկը։
Երգչախումբը մեկնաբանեց` «Ազգ Փառապանծ», «Մենք Պէտք է Կռուենք», «Հիմի էլ Լռենք», «Զէյթունցիներ», «Հայաստան», «Խանի Երգը», «Ով Որ Քաջ Է», «Կովկասի Քաջեր», «Գովք Եդեսիոյ», «Երեւան էրեբունի», «Սարդարապատ», «Գետաշէն», «Պատերազմ ենք Գնում», «Ելէք հայեր», «Արդեօք Ովքեր են» եւ «Հայեր Միացէք» երգերը, որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցան ներկայ ժողովուրդին կողմէ:
Արդ, բեմ հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղիս ատենապետ Սթիւ Պէօճիկեանը փոխանցելու յուշանուէր մը երգչախումբիս խմբավարին առ ի երախտագիտութիւն երեք ամսուան անսակարկ նուիրումով տարած աշխատանքին։
Համերգի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան բարձրօրէն գնահատեց խմբավար հայր սուրբը, Համազգայինի վարչութիւնը եւ երգչախումբի բոլոր անդամները, որոնք ջանք չխնայեցին իրենց լաւագոյնը տալու, յաջողցնելու այս ազգայնաշունչ համերգը։
Սրբազան հօր խօսքէն ետք, երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք «Պահպանիչ» աղօթքով, մշակութասէր քեսապահայերը լիցքաւորուած ազգային ոգիով եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։