
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, Ուրբաթ, 29 Յունուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ եւ ի մասնաւորի Ատանայի մասին դասախօսութիւն ու նկարներու ցուցադրութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, հայ թէ օտար արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ: Դասախօսութիւնը ներկայացուց ծագումով հայ հնագէտ եւ հնավաճառ Ռիշար Շահին:
Ատանայի ջարդերուն 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան անունով արտասանեց Սեդա Խտըշեան, որ նշեց, թէ Շահին հեղինակն է արուեստի ու պատմութեան մասին աւելի քան 10 պատկերազարդ հատորներու եւ տասնեակ մը գունաւոր նկարներու հաւաքածոներու: Խտըշեան ըսաւ, թէ Շահին իր եռայարկ ցուցասրահին մէջ կազմակերպած է լիբանանցի թէ օտար արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններուն նուիրուած բազմաթիւ ցուցահանդէսներ: Սեդա Խտըշեան աւելցուց, որ Շահին Պրազիլի, Միացեալ Նահանգներու, արաբական երկիրներու եւ զանազան երկիրներու մէջ ներկայացուցած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ՝ իր ուսումնասիրած նիւթերուն եւ իր ունեցած հաւաքածոներուն շուրջ:
Ապա բեմ բարձրացաւ հնագէտ Ռիշար Շահին, որ նկարներու ընդմէջէն ծանօթացուց Կիլիկիոյ պատմութիւնը, հարստութիւնները, եկեղեցիները, թագաւորներու կեդրոնատեղիները, բնութիւնը եւ կեդրոնական քաղաքները: Շահին նաեւ խօսեցաւ շրջաններու անուններու տարբերակներուն եւ իմաստներուն, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ աշխարհագրական դիրքին եւ դրացիներուն մասին:
Նշենք, որ Շահինի «Արեւելքը՝ մարդկային ընկերութեան մշակութային արժէքներու կեդրոնը» ուսումնասիրութիւններու հաւաքածոյ-Տի. Վի. Տի.-ներուն մէջ հիմնական տեղ տրամադրուած է Կիլիկիոյ հայկական հարստութիւններուն ու արժէքներուն:
Հանդիսութեան աւարտին Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղը յիշատակի նուէրով մը պարգեւատրեց Ռիշար Շահինը: