
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող հայրենի գրականագէտ եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս փրոֆ. Կիմ Աղաբեկեան Կիրակի, 28 Նոյեմբեր 2010-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ ներկայացուց «Հայաստանի արձակը այսօր» նիւթով դասախօսութիւնը՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Լուսիկ Տէր Գալուստեան, ապա «Բագին»ի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ վեր առնելով հայ արձակի ուսումնասիրութեան կալուածին մէջ անոր գրականագիտական վաստակը։
Հայ գրականութեան նորագոյն պատմութեան մասնագէտ փրոֆ. Աղաբեկեան հետաքրքրական զուգահեռներով ներկայացուց 20-րդ դարու գրական նշանաւոր դէմքերուն բերած նպաստը հայ գրականութեան զարգացման ճամբուն վրայ՝ շեշտելով Յ. Օշականի, Ա. Բակունցի, Գ. Մահարիի, Չարենցի արձակ գործերուն, Համաստեղի պատմուածքներուն անժամանցելիութիւնը՝ իբրեւ հայ ազգային ստեղծագործական լաւագոյն նմոյշները։
Խօսելով ժամանակակից արձակին մասին՝ բանախօսը նշեց, որ ներկայիս արձակի կալուածը շօշափող գրական հրապարակը ողողած անուններ կան, որոնք սակայն «հիները զայրացնելու եւ նորերը զարմացնելու կը միտին», փոխանակ ստեղծելու մնայուն եւ վաւերական գործեր։
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին փրոֆ. Աղաբեկեանին, որ տուաւ սպառիչ պատասխաններ՝ իր խօսքը համեմելով հետաքրքրական եւ շահեկան օրինակներով։