
18 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ այս տարեշրջանի առաջին մշակութային երեկոն, կազմակերպուած Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Յայտագիրը կը բաղկանար երեք բաժիններէ՝ Գրական, Երաժշտական եւ Գեղանկարչական:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան ողջոյնի խօսքէն ետք սկսաւ երեկոյի գրական բաժինը՝ նուիրուած Վազգէն Շուշանեանի: Յասմիկ Լիպարիտեան-Գույումճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց եղերաբախտ գրագէտի կեանքն ու գործերը, որմէ ետք անոր գործերէն ընթերցումներ կատարեցին Լորա Մկրտիչեան, Շուշիկ Պաքալեան եւ Արթօ Դաւիթեան:
Երաժշտական բաժինով, Մարինէ Մանուշեան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու գործը: Կոմիտասի մասին հետաքրքրական կտոր մը կարդաց նաեւ փոքրիկն Արազ Մանուշեան, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին: Ապա, շնորհալի երգչուհի Տիկին Զառա Բարխուդարեան դաշնակի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Կոմիտասի «Մաղթերգ Հայրապետական», «Չինար ես», «Քելեր-Ցոլեր», «Տըլէ Եաման» եւ «Շողեր Ջան» երգերը:
Իսկ վերջին բաժինով, բազմատաղանդ արուեստագէտ Վարդան Թաշճեան ներկայացուց Մարտիրոս Սարեանի կեանքն ու գործը, որմէ ետք ան ցուցադրեց Սարեանի գործերուն սահիկները՝ հետաքրքրական բացատրութիւններ տալով իւրաքանչիւրի մասին:
Մշակութային երեկոն ամբողջացաւ գինիի եւ թեթեւ ուտելիքի սպասարկութեամբ, որմէ ետք ներկաները հրաժեշտ տուին, գեղեցիկ ու ջերմ երեկոյ մը վայելելած ըլլալու գոհունակութեամբ: