
Չորեքշաբթի, 17 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած երկրորդ մշակութային երեկոն: Յայտագիրը կը բաղկանար երկու բաժիններէ՝ գրական եւ գեղանկարչական:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի ողջոյնի խօսքէն ետք սկսաւ երեկոյի գրական բաժինը՝ նուիրուած Շահան Շահնուրի: Ասատուր Տեվլէթեան հակիրճ ու խորիմաստ վերլուծումով մը ներկայացուց գրագէտին կեանքը, գործերը ու անոր դերը հայ գրականութեան մէջ, որմէ ետք անոր գործերէն ընթերցումներ կատարեցին Լորա Մկրտիչեան, Նայիրի Մուրատեան, Սօսի Թորոսեան եւ Յասմիկ Լիպարիտեան-Գույումճեան:
Երկրորդ բաժինով, Արթօ Դաւիթեան ներկայացուց Յովհաննէս Այվազովսկիի կեանքն ու գործը, որմէ ետք ան ցուցադրեց Այվազովսկիի գործերէն նմոյշներ՝ հետաքրքրական բացատրութիւններ տալով իւրաքանչիւրին մասին:
Մշակութային երեկոն ամբողջացաւ գինիի եւ թեթեւ ուտելիքի սպասարկութեամբ, որմէ ետք ներկաները հրաժեշտ տուին, գեղեցիկ ու ջերմ երեկոյ մը վայելելած ըլլալու գոհունակութեամբ: