
Կանանց միջազգային օրը կը նշէ կնոջ լիարժէք մասնակցութեան իրաւունքը զանազան բնագաւառներու մէջ, սկսեալ քաղաքականէն մինչեւ մշակութային։
Չորեքշաբթի 15 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, համազգայինի Աւետիս Ահարոնեան մասնաճիւղը, Ազգ. Փոխանորդարանի դահլիճէն ներս, որպէս դասախօս հիւրընկալեց Արաբ Մշակոյթի Կեդրոնի տնօրէնուհի տիկ. Ֆայիզա Ալգատրի։
Վարչութեան անդամ Յարութ Մատարճեան, առ ի ծանօթացում, ներկայացուց հիւրին կենսագրականը։ Դասախօսութեան բնաբանն էր Մարտ ամսուան ընթացքին, կնոջ նուիրուած տօները։ Ալգատրի, նշեց որ արուեստի ու մշակոյթի մէջ միշտ առկայ եղած է կնոջ դերակատարութիւնը, ան անդրադարձաւ նաեւ հայ կնոջ ձգած շնորհալից դրոշմին Սուրիոյ հայրենիքի նկատմամբ ու շեշտեց անոր նշանակալից դերը պատմութեան հոլովոյթէն ներս, մանաւանդ` դժուարին պայմաններուն, ներկաները օգտաշատ մէջբերումներ կատարեցին։
Աւարտին Շրջանային վարչութեան անդամ Ռիթա Տէր Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց, իսկ վարչութիւնը երախտիք՝ նուէրով շնորհաւորեց իր տօնը։ Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: