
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ գործակցաբար Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ նշուեցաւ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը:
«Ուսուցիչներ, դաստիարակներ զգուշութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտեցէք դաստիարակութեան գործին, խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը, դաստիարակելու կոչուած ենք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է. սխալ ուղղութեամբ ազգ մը կը խորտակենք վերջը» Կոմիտասի այս խօսքը մէջբերելով ձեռնարկի հանդիսավար Կարէն Արաբկիրեան ողջունեց ներկաները նշելով, որ «Կոմիտասի այս խօսքերով մեծ պատասխանատուութեան դիմաց կը կանգնինք բոլորս»:
Օրուան բանախօսն էր Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Կոմիտասի մշակութային ստեղծագործական աւանդին վարկն ու պատգամը հայութեան: