ԱՄՆ եւ Գանատա
Շրջանային Վարչութիւններ
Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2014-ին, Համազգայինի Գլաձոր մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը Համազգային թատերասրահին մէջ կազմակերպեց Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած երեկոյ մը, որուն ներկայ գտնուեցան շուրջ 250 հանդիսատեսներ, ներառեալ՝ հոգշ. Տէր Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Արժանապատիւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան։
Գերշ. Տէր Մեղրիկ Սրբ. Եպիսկոպոս Բարիքեան, Կոմիտասեան երգերով հարուստ բացատրականներու ընդմէջէն ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետի զանազան երեսները՝ մշակողը, մեկնաբանը, հաւաքողը, մարդը, ստեղծագործը...:
Յայտագրին մաս կազմեց Համազգայինի պարարուեստի ուսումնարանի եւ Էրեբունի պարախումբի պարուսոյց՝ Լոռի Նաճարեան։ Գաւիթին մէջ ցուցադրուեցան Համազգայինի նկարչութեան աշխատանոցի մասնակցողներուն գործերը, նաեւ արուեստագէտ՝ Յակոբ Ճանպազեանի Կոմիտասեան քանդակներն ու կիսանդրին։
Բեմի նկարի պատրաստութիւնը գործն է արուեստագէտ՝ Արա Տէր Յարութիւնեանի, տպագրութիւնը սիրայօժար տրամադրուած՝ Զոհրապ Թաթիկեանի կողմէ։ Հանդէսը վարեց գրական յանձնախումբի ատենապետ՝ Մեղեդի Մնացականեան Գալուստեան։
Ներկաները բարձր գնահատեցին ձեռնարկը եւ մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն։
