
Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 10 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում, որուն ընթացքին բանաստեղծ Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան ներկայացուց Կոստան Զարեանի մտածումներէն փունջ մը:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին» գրական հանդէսի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան: Ան նկատել տուաւ, որ ասիկա 2010 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկն է, սակայն շարքը պիտի շարունակուի: Ան ներկայացուց Էլօ Սարաճեան-Հերկելեանը՝ իբրեւ բանաստեղծ, հրապարակագիր, զանազան յօդուածներու հեղինակ եւ ուսուցիչ՝ աւելցնելով, որ ան նաեւ կը զբաղի «Նոազ Արք» ցուցասրահի աշխատանքներով: Ս. Գրիգորեան յայտնեց, որ Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան ժամանակէ մը ի վեր կþուսումնասիրէ Կոստան Զարեանը, զոր պիտի ներկայացնէ ընթերցման երեկոյին ընթացքին:
Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան խօսք առնելով յայտնեց, որ երբ Կոստան Զարեանը յիշենք, անմիջապէս մեր մտքին մէջ կþարտացոլայ անոր նշանաւոր «Նաւը լերան վրայ» վէպը: Ան նկատել տուաւ, որ ինք հաւատացած է, որ Զարեան հաւասար արժէք է թէ° իր վէպով, թէ° բանաստեղծութեամբ, թէ° դասախօսութիւններով, թէ° մտածումներով, Հայաստանի նկատմամբ իր տեսլականով:
Այնուհետեւ Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան ներկայացուց «Համաժամանակեայ գրողը՝ Զարեան»ը: Ան նշեց, որ Զարեան օտար շրջանակի մէջ հասակ առած է առանց ծնողներու, առանց հայկական միջավայրի, առանց մայրենի լեզուի եւ առանց հայրենիքի: Ան առաջին անգամ Հայաստան կþայցելէ 1919-ին, սակայն հետագային Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հիմը կը դնէ բաղդատական գրականութեան ամպիոնին: Ան Վենետիկի մէջ կը սորվի գրաբարն ու աշխարհաբարը, ապա Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ «Մեհեան» հանդէսը: Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան նկատել տուաւ, որ երբ Զարեան կը հաստատուի Հայաստան՝ շուտով անախորժութիւններու պատճառով կը ստեղծուի լարուած մթնոլորտ՝ աւելցնելով, որ Զարեանի բախտը չէ բերած ո°չ սփիւռքի եւ ոչ ալ հայրենիքի մէջ: Սփիւռքի մէջ զինք նկատած են ոչ արեւմտահայ հեղինակ թէ° մտածողութեան եւ թէ արեւելահայերէնին համար, իսկ Հայաստանի մէջ զինք նկատած են դրսեցի, օտար գրող, կրկնակիօրէն մերժելի, որովհետեւ ոչ մէկ ձեւով կարելի էր զինք յարմարեցնել խորհրդային գրականութեան ծայրայեղ պայմաններուն: Եզրափակելով իր խօսքը՝ Էլօ Սարաճեան-Հերկելեան շեշտեց, թէ Զարեանը կարելի է նկատել 20-րդ դարու ամէնէն զարգացած հայ գրագէտներէն մէկը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ զրոյց ներկաներուն միջեւ, նաեւ կատարուեցաւ Զարեանի գրութիւններէն եւ մտածումներէն հատուածներու ընթերցում: