
Շաբաթ, 25 Մարտ 2017-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Vanier College-ի թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Գամպոտիական համայնքի Le Centre Khemara կազմակերպութեան «La Culture sans Frontieres, du Cambodge, d'ici et d'ailleurs» խորագրով տարեկան Մշակութային Երեկոն։ Յատուկ հրաւէրով, հայ համայնքէն ձեռնարկին ներկայ էին Համազգայինի Մոնթրէալի Սանահին մասնաճիւղի ատենապետուհին եւ Հայ Դատի Յանձնախումբէն երկու ներկայացուցիչներ։
Այլ ազգութիւններու կողքին, սոյն ձեռնակին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը։ 16-ամեայ Մեղրիկ Գանձանակեան ներկայացուց «Էրզրումի Շորորը», իր մշակած նուրբ հայկական պարային շարժումներով եւ քանոնի հմուտ կատարողութեամբ։ Ապա, Համբիկ Ճապուրեան տուտուկով ներկաները հմայեց իր մշակած «Տլէ Եաման»-ի մեկնաբանութեամբ, որոնք բարձր գնահատեցին հայկական գեղեցիկ արուեստը զայն կոչելով «կախարդական»։
Նշենք, թէ Հայ Համայնքը մաս կը կազմէ «Ցեղասպանութեան Իրազեկման եւ Յիշատակման Դաշինքին», AGAR (Alliance for Genocide Awareness and Remembrance), որ ծնունդ առաւ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի տարին։ Դաշինքին մաս կը կազմեն Ցեղասպանութիւն ապրած Մոթրէալաբնակ հինգ համայնքներ՝ Հայեր, Հրեաներ, Թութսիներ, Գամպոտիացիներ եւ Ուքրանացիներ։
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւն