
ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ
Հիմնարկի քառամեայ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ հիմնական նիւթերը.-
-Հայերէն լեզու (տեսութիւն, պատմութիւն)
-Գրաբար
-Արդի հայ գրականութիւն
-Հայ հին գրականութիւն
-Հայոց պատմութիւն
-Հայաստանի աշխարհագրութիւն
-Աղբիւրագիտութիւն
-Հայ գիրի, գրչութեան եւ մամուլի պատմութիւն
-Հոգեբանութիւն
-Մանկավարժութիւն
-Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն
-Սփիւռքահայ գրականութիւն
-Հայ Արուեստի պատմութիւն
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
-Տ. Շահան Եպս. Սարգիսեան
-Պրն. Յակոբ Չոլաքեան
-Տիկ. Լալա Մինասեան
-Օրդ. Անի Ֆիշէնքճեան
-Օրդ. Ազնիւ Արապեան
-Տիկ. Մարուշ Երամեան
-Տիկ. Լենա Քէյվանեան
-Պրն. Միհրան Մինասեան
-Պրն. Լեւոն Շառոյեան
-Տիկ. Լիզա Քէշիշեան
Հիմնարկի դասախօսները, գործնական աշխատանքներու կողքին, կը ստանձնեն նաեւ շրջանաւարտներու աւարտական ուսումնասիրութիւններու ղեկավարումը՝ ըստ նիւթերու: Անոնք համատեղ քննարկումով եւ կարծիքներու համադրումով կը ներկայացնեն միացեալ զեկոյց եւ գնահատանք՝ պատրաստուած ուսումնասիրութիւններուն շուրջ:
ՀԱՅՐԵՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ
Հիմնարկի ծրագրի իրագործման մէջ իրենց ներդրումը ունին նաեւ հայրենի մասնագէտ դասախօսներ, որոնք կը հրաւիրուին Շրջ. Վարչութեան կողմէ եւ կը ստանձնեն հոգեբանութեան եւ մանկավարժութեան դասաւանդումը:
Վերջին տարիներուն դոկտ. Ժիւլիէթա Կիլամիրեան դասաւանդած է մանկավարժութիւն, իսկ դոկտ. Յասմիկ Պետրոսեան՝ հոգեբանութիւն:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը կը վերահսկէ Հիմնարկի գործունէութիւնը, ինը անդամներէ բաղկացած միաւորի վարչութեան միջոցով:
Հիմնարկի ընդհանուր վարիչ-պատասխանատուն է բազմավաստակ կրթական մշակ՝ ընկհ. Ֆիմի Տէր Յակոբեան:
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՉԱԿԱՆ
Հիմնարկը քառամեայ իր ծրագրին կողքին կը կազմակերպէ նաեւ առաւօտեան յատուկ լսարաններ, նիւթ ունենալով՝ տարիքային հոգեբանութիւնն ու մանկավարժութիւնը:
Յիշեալ դասընթացքները վստահուած են հայրենի դասախօսներու հոգածութեան, որոնց փորձառութենէն մեծապէս կ՛օգտուին դասընթացքին մասնակից ունկնդիրները:
Տարբեր առիթներով Հիմնարկի վարչութիւնը կը կազմակերպէ գիրքերու ցուցահանէս-վաճառքներ, դասախօսական երեկոներ, համազգայինի հրատարակութեամբ լոյս տեսած գիրքերու շնորհահանդէսներ:
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՒՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Տարեկան դրութեամբ հիմնարկի ուսանողուհիները կը մասնակցին ՀՀ. Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կազմակերպած ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներուն, արժանանալով հայրենի դասախօսներու հոգածութեան եւ գնահատանքին :
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐ
1996-2010 տարեշրջաններուն հիմնարկի ուսումնական ընթացքը աւարտած են 60 ուսանողներ, որոնցմէ այսօր վկայական կը ստանան 8 շրջանաւարտներ:
Շրջանաւարտները մեծամասնութեամբ ընդգրկուած են գաղութիս վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն մէջ կամ ստանձնած՝ միութենական պատասխանատու պաշտօններ:
Ցարդ երեք շրջանաւարտներ իրենց ուսումը համալրած են Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան Պետական Մանկավարժական եւ Հայաստանի Պետական համալսարաններէն ներս, տիրանալով համապատասխան վկայականներու:
ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԷՆ ՎԿԱՅԵԱԼ ԵՐՐՈՐԴ ՀՈՒՆՁՔ
-Սիւզի Խշուաճեան-Փիլաւճեան
-Լուսին Յովհաննէս-Թշապուրեան Թեճիրեան
-Թամար Պաղտոյեան- Մխճեան
-Մարալ Թաշճեան-Թոգմագճեան
-Սեւան Տէր Մովսէսեան
-Շողիկ Թալաթինեան
-Սիլվի Աբէլեան-Ճղըլեան
-Ալին Տրէժեան
ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐ
-«Սուրիահայ Տարեգիրքերըե(խորհրդատու՝Պրն.Միհրան Մինասեան)
-«Յարակատար եւ Վաղակատար բաղադրեալ բայական ժամանակները Արեւմտահայերէնի մէջե (խորհրդատու՝ Պրն. Յակոբ Չոլաքեան)
-«Անունս Արամ Էե Ուիլիըմ Սարոյեան (խորհրդատու՝ Տիկ. Լենա Քէյվանեան)
-«Ապու Լալա Մահարիե Աւետիք Իսահակեան(խորհրդատու՝ Տիկ. Լալա Մինասեան)
-«Տիգրանակերտի Հալէպի Հայրենակցական Միութեան Պատմութիւնըե (խորհրդատու՝ Տիկ. Մարուշ Երամեան)
-«Բուրաստանե (խորհրդատու՝Պրն.Միհրան Մինասեան)
-«Քեսապը գեղարուեստական գրականութեան մէջե (խորհրդատու՝ Պրն. Յակոբ Չոլաքեան)
-«Իլ լծորդութեան բայերը արեւմտահայերէնի մէջե (խորհրդատու՝ Պրն. Յակոբ Չոլաքեան)
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ
ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ