
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը անցնող շաբաթներուն գումարեցին իրերայաջորդ խառն նիստեր քննարկելու համար ստեղծուած ճգնաժամի լոյսին տակ գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան յառաջիկայ ընթացքը: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, ճշդած է ճիգերու ամբողջական լարումով դժուարութիւններու յաղթահարման ընդհանուր գործընթաց մը: Առ այդ, մեր ծնողներու ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնէ, որ դպրոցական վերամուտի իմաստով` Լիբանանի պետութեան կողմէ որդեգրուելիք որոշումին լոյսին տակ Համազգայինն ալ ընթացք պիտի տայ նոր տարեշրջանին: Այլ խօսքով` կրթական վերամուտին հետ պիտի վերաբացուին նաեւ «Լ. Շանթ» ու «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոնները եւ վերսկսին գեղարուեստի դպրոցներու դասաւանդութիւնները: Յայտնենք, որ կարգ մը գեղարուեստի միաւորներ արդէն սկսած են իրենց փորձերուն եւ հանդիպումներուն:
Այս ծիրին մէջ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը խիստ կարեւորելով հայրենի արուեստագէտներու ներդրումը գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան մէջ, կու գայ յայտնելու, որ 2020-2021 տարեշրջանին եւս հայրենի արուեստագէտներ պարի ու պալէի դասատուներ` Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններ եւ ջութակի դասատու, վաստակաւոր արուեստագէտ Յովիկ Գարախանեան պիտի վերադառնան Լիբանան եւ ստանձնեն իրենց պարտականութիւնները: Այս ուղղութեամբ պայմանաւորուածութիւնները կատարուած են արդէն:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները իրենց առանցքային դերակատարութիւնը ունին լիբանանահայ մշակութային կեանքի հարստացման ու արուեստի ճամբով նորահաս սերունդին դաստիարակութեան գործին մէջ: Այս մէկը կը շարունակէ մեզի համար մնալ կոչում ու մեր առաքելութիւնը իմաստաւորող կարեւոր աշխատանք: Վստահ ենք, որ մեր ծնողներն ալ գիտակցութեամբ կը մօտենան այս աշխատանքին եւ փոխադարձ գործակցութեամբ ու քաջալերանքով մենք միասնաբար կը յաջողինք գեղարուեստի դպրոցներու ջահը վառ պահել ու անոր ճառագայթումը երաշխաւորել: Հայ մշակոյթի ու արուեստի ժողովրդականացման մէջ մեծ դերակատարութիւն վերապահուած է գեղարուեստի դպրոցներուն:
Համազգայինը տէ՛րն է ու կը մնայ յանձնառու այդ դերակատարութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ