
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը այս տարի մեծ շուքով կը նշէ իր հիմնադրութեան անկիւնադարձային թուականը՝ 80 ամեակը, հովանաւորութեամբ Տէր Օշական Արք. Չոլոյեանի եւ կազմակերպութեամբ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան, ինչպէս նաեւ գործակցութեամբ Արեւելեան շրջանի Համազգայնի բոլոր մասնաճիւղերուն:
Հոկտեմբեր ամիսը կը զուգադիպի Մշակոյթի ամսուան, առ այդ հանդիսութիւնները պիտի կատարուին այդ օրերուն: Իբր հիւր բանախօս հրաւիրուած է Համազգայինի Հիմնադրամի նախագահ եւ միաժամանակ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դոկտ. Լիլիթ Գալստեանը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ ԱՄՆի ներկայացուցիչ ընկ. Եդուարդ Մսրլեանը:
-Հինգշաբթի, 2 Հոկտեմբերին Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում - ընդունելութիւն:
-Նիւ Ճըրզիի մէջ Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ շարժապատկերի ցուցադրութիւն:
-Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին՝ դասախօսական շարք մը, նիւթ ունենալով «Երիտասարդութիւնը Ինքնութեան փնտռտուքի մէջ», բաժնուած 4 թեմաներու՝ Սփիւռք-Հայաստան, Մշակոյթ, Կրթական մշակին դերը եւ լեզուական հարցեր, եւ վերջապէս Երիտասարդներու Հոգեբանութիւն եւ ընկերային հարցեր: Այս ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահէն ներս:
-Նոյն օրը, Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերին, Յովնանեան վարժարանի սրահին մէջ պիտի տօնակատարուի Համազգայինի 80 ամեակը, որուն բանախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Լ. Գալստեանը ապա Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշաններու տուուչութիւն տեղի պիտի ունենայ, որուն պիտի յաջորդէ խրախճանք մը:
-Կիրակի, Հոկտեմբեր 5ին նոյնանման հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ ՖիլատելՖիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ:
-Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի Հայաստանի դեսպանատան մէջ, կէսօրէ ետք, տեղի պիտի ունենայ հանդիսութիւն, նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Թաթուլ Մարգարեանի, ներկայութեամբ Տէր Օշական Արք. Չոլոյեան, մասնակցութեամբ ազգային զանազան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ անդամներու:
-Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբերին Պոսթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ գաղութային հանդիպում - ընդունելութիւն մը, մասնակցութեամբ դոկտ. Լիլիթ Գալստեանի:
Ձեռնարկներու մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք հետագային:
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ԱՄՆի
Արեւելեան շրջանի
Շրջանային Վարչութիւն