
Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 2015-էն ի վեր սկիզբ առած են Քանատայի, Արեւելեան Ամերիկայի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւններու պարբերական հանդիպումները, որոնց 11-րդը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 16 եւ Կիրակի 17 Մարտ 2019-ի շաբաթավերջին, Լոս Անճելըսի մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Կլենտէյլի նստավայրին մէջ: Ներկայ էին Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկերներ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Հրայր Պարոնեան, Մանուկ Չուխաճեան, երեք շրջանային վարչութիւնները իրենց լրիւ կազմերով եւ հիւրեր: Ժողովին հեռախօսային կապով նաեւ միացաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը՝ ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց վերջին քանի մը տարիներուն Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին Համազգայինի կառոյցներուն ցուցաբերած աշխուժացման, շրջաններու համագործակցական ոգիին եւ միատեղ ծրագիրներ իրականացնելու առաջադրութեան համար։
Շուրջ քսան Համազգայնականներ ի մի բերող այս հանդիպումին, երկու օրուան վրայ տարածուող երեք նիստերու ընթացքին, զեկոյցներ կարդացուեցան իրենց նոր նախաձեռնութիւններուն, Արթլինքսի, Երիտասարդական ֆորումի եւ ցարդ եղած փորձարկումներու եւ յաւելեալ բարելաւման միջոցներ ստեղծելու մասին:
Քննարկուեցան նաեւ վարչութիւններու միջեւ ձեռնարկներու փոխանակման հնարաւորութիւնները, նիւթական նոր միջոցներու հայթայթման ձեւերը, պետական նպաստներ ձեռք բերելու կարելիութիւնները, երիտասարդութեան ներգրաւումը եւ դէպի հարիւրամեակ ընթացող Համազգայինի յառաջիկայ տասը տարուան գործունէութեան պատկերացումները:
Եռակողմանի ժողովը ընթացաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Բոլոր մասնակիցներն ալ իրենց օգտակար ներդրումներով նպաստեցին ձեռք ձգուած յաջողութեան: Համազգայինի յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն գլխաւորները մշակութային գործունէութեան յաւելեալ հզօրացման եւ երիտասարդներու աւելի եւս ներգրաւման հրամայականներն են, որոնց համար ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի երեք շրջաններուն մէջ:
«Բագին»ին բաժանորդագրութիւններուն անդրադառնալով, ժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց առցանց PayPal վճարումներու դրութեան ընծայած դիւրութենէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը:
Շաբաթ 16 Մարտի երեկոյեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու երեք Շրջանային վարչութիւններու ատենապետները այցելեցին ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Առաջնորդարանը, ուր զիրենք ընդունեց թեմի Բարեխնամ Առաջնորդը, Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը։ Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը ծանօթացաւ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու գործունէութեան եւ ծրագիրներուն, եւ իր զօրավիգը յայտնեց այդ ծրագիրներու իրականացման ճիգերուն։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
ԱՄՆի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւններ
19 Մարտ 2019