
Համազգայինի Հիմնադրամներու Կառոյցի Մարմինը իր հերթական ժողովը գումարեց 26 Յունուար 2012-ին, օրակարգի վրայ ունենալով Համազգայինի տրամադրութեան եւ տնօրինումին յանձնուած հիմնադրամներու 2011ի գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարուելիք յատկացումները։
Մարմինը քննելէ ետք Համազգայինի Հիմնադրամներու 2011 տարուան նիթական գործառնութիւններու արդիւնքը եւ ներդրուած գումարներուն տարեփակի հաստատագիրները, վաւերացուց Համազգայինի Հիմնադրամներու առ 31/12/2011 հաշուեկշիռը:
Մարմինը՝ այսու մեր հասարակութեան կը տեղեկացնէ, որ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գիտութեամբ, 2011 տարուան հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարած է հետեւեալ յատկացումները ըստ հիմնադրամներու կանոնագրութիւններով սահմանուած տրամադրութիւններուն:
1-Տօքթ. Սամուէլ Սեմերճեանի անուան, բժշկութեան ճիւղի ուսանողի յատուկ հիմնադրամէն ԱՄՆ տոլար 1500, հիւանդանոցային տարրալուծարանային գիտութեան հետեւող ուսանողի մը:
2-Մկրտիչ եւ Քնար Գարագաշեաններու անուան, Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի յատուկ, հիմնադրամէն ԱՄՆ տոլար 2500, Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
3-Զոհրապ Պոսնոյեանի անուան, Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի և Ճեմարանականներու համալսարանական կրթաթոշակի յատուկ,
Ա-ԱՄՆ տոլար 2000, ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
Բ-ԱՄՆ տոլար 2000, հալասարանի առաջին տարուան երկու ճեմարանաւարտ ուսանողներու:
4-Պաստրմաճեան, Մազմանեան եւ Համազգայինի Հրատարակչական հիմնադրամներէն, ԱՄՆ տոլար 6000, Համազգայինի Հրատարակչականին, Օրհան Փամուքի «Ձիւնը» գրքին Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երիտասարդ գրողներու Ծաղկաքաղ՝ «18-33 Անթոլոկիա» գրքի հրատարակութեան համար:
5-Մկրտիչ եւ Ազնիւ Սարգիսեաններու անուան, հայագիտական ուսմանց յատուկ հիմնադրամէն ԱՄՆ տոլար 3000, յատկացում Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին:
Հ.Հ.Կ.Մ.ը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատու ընտանիքներուն, որոնք իրենց հաստատած հիմնադրամներու ճամբով սատար կը հանդիսանան Համազգայինի կրթական, հրատարակչական ու մշակութային առաքելութեան:
Համազգայինի Հիմնադրամներու Կառոյցի Մարմին (ՀՀԿՄ)
9 Մարտ 2012, Պէյրութ