
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հիմնադրամներու Կառոյցի Մարմինը կը տեղեկացնէ, որ իր տրամադրութեան տակ գտնուող Զոհրապ Պոսնոյեանի անուան կրթական հիմնադրամի 2010 տարուան հասոյթը, համաձայն սոյն հիմնադրամի կանոնագրութեան տրամադրութիւններուն 20 առ հարիւրը մայր գումարին վրայ բարդուելէ ետք, բաժնուած է հետեւեալ ձեւով.
1.Յատկացում Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2011 տարուան շրջանաւարտ երկու աշակերտներու, իբր յառաջիկայ կրթական տարեշրջանի համար համալսարանական կրթաթոշակի օժանդակութիւն։
2.Յատկացում Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սաներու ֆոնտին, 5 աշակերտներու 2010-2011 տարեշրջանի կրթաթոշակներու հաշւոյն։
Համազգայինի Հիմնադրամի
Կառոյցի Մարմին
12 Յուլիս, 2011