
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէնութեան համագործակցութեամբ, 27 Նոյեմբեր 2008ին, Երեւանի պետական համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթին նուիրուած գիտաժողովը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր հիմնադրութեան 80ամեակի առիթով կազմակերպած է շարք մը հանդիսութիւններ եւ գիտաժողովներ, որոնցմէ մին է Շանթի նուիրուած գիտաժողովը: Այս գիտաժողովը կը միտի արժեւորել Շանթի բազմակողմանի տաղանդը եւ հայրենի ժողովուրդին ծանօթացնել գրական, մշակութային եւ կրթական գործիչի բեղուն գործունէութիւնը: Գիտաժողովը տեւեց ամբողջ օրը: Անոր ընթացքին խօսք առին 15 զեկուցաբերներ, որոնցմէ 3ը՝ սփիւռքէն (Գրիգոր Շահինեան, Յարութիւն Քիւրքճեան եւ Տիգրան Ճինպաշեան): Զեկուցումները հիմնականօրէն անդրադարձան Շանթ մտաւորականի, մանկավարժի, թատերագիրի եւ հրապարակախօսի զանազան երեսներուն: ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ 28 Նոյեմբեր 2008 Պէյրութ