Հաղորդագրութիւններ

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի բարերար տէր եւ տիկին Հայկ Արսլանեան եւ իրենց զաւակները կատարած են հարիւր հազար ամ. տոլարի նուիրատուութիւն մը, որ պիտի յատկացուի ճեմարանի «Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահի շինութեան ամբողջացման աշխատանքներուն: Արսլանեան ընտանիքը ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ իր գնահատելի ներդրումը ունենալ հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ կրթութեան այնքան կարեւոր գործին մէջ: Այս իշխանական նուէրին համար Կեդրոնական վարչութիւնը կը յայտնէ իր խոր գոհունակութիւնը եւ երախտագիտութիւնը: ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Դեկտեմբեր 2008 Պէյրութ