
Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ ճեմարանի շրջանաւարտներէն Կրէյս Սարգիսեան-Անտոնեանի Սան Ֆրանսիսքոյի Գրուզեան-Զաքարեան վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնին նշանակումը, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտ Նազարէթ Աբանեանի Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի տնօրէն նշանակումը:
Կը շնորհաւորենք Կրյէս Սարգիսեան-Անտոնեանն ու Նազարէթ Աբանեանը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց:
Այս առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի գործադիր տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան շնորհակալագիրով:
Թող Լ. Շանթի ու Ն. Աղբալեանի վառած ջահը անմար մնայ հայ դպրութեան օճախին մէջ:
Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ