
Շաբաթ 19 եւ Կիրակի 20 Սեպտեմբեր 2015ին, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Պէյրութի մէջ գումարեց 2014-2018 քառամեակի իր Բ. տարեկան լիակազմ ժողովը, որ գլխաւորաբար զբաղեցաւ Է. Պատգամաւորական Ժողովի որդեգրած որոշումներու գործադրութեան ընթացքի խնդիրներով։
Առաջին հերթին, Կեդրոնական Վարչութիւնը լսեց կազմակերպական շրջաններու մասին տեղեկատուական զեկոյցներ։ Ժողովը ուրախութեամբ արձանագրեց ԱՄՆի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններու համագործակցական ծրագիրներով միատեղ աշխատելու փաստը։ Իսկ Կեդրոնական Վարչութեան Հիւսիսային Ամերիկայի նորահաստատ գրասենեակին կապակցութեամբ, ժողովը ճշդեց անոր գործունէութեան սահմաններն ու Շրջանային Վարչութիւններուն հետ յարաբերութեան եղանակը։ Անդրադառնալով նոր ձեւաւորուող շրջաններուն, ժողովը քննեց անոնց գործունէութեան աշխուժացման խնդիրներն ու կարելիութիւնները։
Ապա ժողովը զբաղեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու վարչական եւ ուսումնական հարցերով եւ այդ մարզերուն մէջ առկայ դժուարութիւններով։ Ժողովը ընդգծեց այդ հաստատութիւններու հայեցի կրթութեան դիմագծի պահպանման զարկ տալու իր յանձնառութիւնը։
Սփիւռքի զանազան կրթական հաստատութիւններուն հայերէն դասաւանդող անձնակազմ պատրաստելու եւ տրամադրելու առաջադրութեամբ,Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց յաւելեալ քարոզչութիւն կատարել Երեւանի Պետական Համալսարանի հետ գործակցաբար իրականացուող հայագիտութեան մագիստրոսական եւ դպրոցական վարչագիտութեան ծրագրերուն մասին։
Ինչ կը վերաբերի իր մնացեալ հաստատութիւններուն, ընդ որում «Վահէ Սէթեան» Տպարանն ու Հրատարակչատունը, «Լիւսի Թիւթիւնճեան»Ցուցասրահը եւ «Բագին» գրական հանդէսը, ժողովը քննեց նախորդ տարեշրջանի ընթացքին անոնց անցած ուղին եւ առաւ համապատասխան որոշումներ անոնց յառաջիկայ գործունէութեան նկատմամբ։ Հանգամանաւոր քննութեան արժանացաւ Համազգայինի Հիմնադրամներու Կեդրոնական Մարմնի գործունէութիւնն ու ապագայ աշխատանքներու ծիրը։
Ժողովը արժեւորեց ելեկտրոնային սարքերու խաղերով 3-5 տարեկան մանուկներու հայերէն սորվեցնելու նախաձեռնութիւններու շարքը, որոնցմէ առաջինը՝ «Լալան ու Արան - Գոյներու Աշխարհ»ը լոյս կը տեսնէ ի մօտոյ։ Ժողովը որոշեց լայն քարոզչութեամբ հրապարակել առաջին խաղը, եւանկէ ետք շարունակել շարքի յաջորդական հանգրուաններու իրականացումը։ Իսկ համացանցային երիտասարդական հարթակի մը ճամբով հայերիտասարդութիւնը մեր մշակոյթին առնչելու ծրագրի գծով, Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց շարունակել իր սկսած նախապատրաստական աշխատանքը, յաջորդ տարուան ընթացքին զայն հրապարակելու նախատեսութեամբ։
Վերջապէս, ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին Համազգայինի տարեկան Ուսանողական Համախմբումը (Ֆորում) եւ քարոզչական աշխատանքներու կազմակերպումը։ Անոնց յառաջիկայ ուղեգիծը ճշդելու նպատակով, այս հարցերը ենթարկուեցան համապարփակ քննարկման։
Վերոյիշեալ բոլոր հարցերը մաս կը կազմեն Համազգայինի Ընդհանուր Ռազմավարական Ծրագրին, որուն այժմէականացումը ԿեդրոնականՎարչութեան օրակարգի մնայուն կէտերէն մէկն է։ Այդ ծրագիրը եւս քննուեցաւ այս ժողովին, որ կատարեց համապատասխան ճշդումներ անոր մէջ։
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Պէյրութ, 22 Սեպտեմբեր 2015