
2010 թուականը կը զուգադիպի Համազգայինի ճեմարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին եւ Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան 75-ամեակին: Ճեմարանն ու Ճեմարանի շրջանաւարտները իրենց անուրանալի դերը ունեցած են սփիւռքահայութեան հայակերտումի առաքելութեան` յատկապէս ազգային դիմագիծ կերտելու գործին մէջ: 3 Մարտ 1930-ին հիմնուած Հայ ճեմարանը պատրաստեց ուսուցիչներ, խմբագիրներ եւ ազգային գործիչներ, որոնք իրենց կարգին սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներու հասարակական կեանքին մէջ ստանձնեցին յանձնառու պաշտօններ:
Անցնող ամիսներուն Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի Շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը յաջողեցաւ իրականացնել իր ծրագիրներուն մէկ մասը, եւ 2010 տարուան ընթացքին նոյն թափով պիտի շարունակէ իր նախատեսած ծրագիրներուն իրագործումը: Այս ծիրին մէջ, հաւատարիմ մնալով Շանթի եւ Աղբալեանի ազգակերտ տեսլականին, 2010 տարուան ընթացքին Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը հանգամանօրէն կը նշէ վերոնշեալ զոյգ առիթները:
Առ այդ, կոչ կ°ուղղենք աշխարհի տարածքին գտնուող Ճեմարանի հին ու նոր բոլոր շրջանաւարտներուն եւ բարեկամներուն` անգամ մը եւս համախմբուելու մեր բոլորիս ուխտավայր Ճեմարանին շուրջ, աջակցելու եւ մասնակցելու յառաջիկայ ծրագիրներուն իրականացման` ի մասնաւորի 5 Մարտ 2010-ին կայանալիք ճաշկերոյթ-պարահանդէսին, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Ճեմարանի զարգացման ու բարգաւաճման անյետաձգելի աշխատանքներուն:
Մեկնելով այս հրամայականէն` Փալանճեան- Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան վարչութիւնը կը նուիրէ 10 հազար ամ. տոլար:
ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ-ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ