
Վերջերս Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանէն ու Բագին Դասական մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Սեմին վրայ» հատորը, որ փունջ մը գրութիւններ կը ներկայացնէ Զապէլ Եսայեանէն, Նանոր Գպրանեանի ընտրութեամբ եւ յառաջաբանով, իսկ հատորին խմբագիրն է Եսայեանի զանազան հատորներ հրատարակութեան պատրաստած հմուտ բանասէր Սեւան Տէյիրմէնճեանը։
Ասիկա առաջին փորձ մը կը հանդիսանայ մէկ կողքի տակ հաւաքելու Եսայեանի այն գործերը, որոնք՝ ըստ կազմողի ծրագրին, կը ներկայացնեն թրքական համագիրը, թուրք տիպարներ եւ անոնց վերաբերեալ հարցեր, յատկապէս կիներու ընկերային տագնապներու եւ միջ-համայնքային համերաշխութեան ոլորտներէն: Կազմողին նպատակը եղած է «համադրել առ այժմ չուսումնասիրուած այս գրութիւնները, որոնք կը մեկնաբանեն օսմանեան համայնքացումը եւ անոր ազդեցութիւնը հայերու, թուրքերու եւ անոնց փոխյարաբերութիւններուն վրայ ու բացայայտել մինչ այժմ չճանչցուած հակակայսերական, հակահայրապետական և հակաազգայնական դիմադրութեան խաչմերուկները Եսայեանի գրութիւններուն մէջ»։
Գպրանեան Եսայեանէն 13 գրութիւններ ուսումնասիրող իր յառաջաբանին մէջ մանրամասն վերլուծում մը կ՚ընէ այս առնչութեամբ։ Գործերուն մեծ մասը մամուլին մէջ լոյս տեսնելէ ետք մնացեր էին փոշիներու տակ ու ընթերցող հանրութեան անհասանելի: Այս գործերը մէջտեղ հանելով, հատորը զանոնք կրկին կը դնէ ընթերցողի տրամադրութեան տակ, փորձելով պատկերացում մը տալ յիշեալ հարցերուն շուրջ տարիներու ընթացքին Եսայեանի մտքին մէջ զարգացած թեմաներէն, թնճուկներէն ու յարակից նրբութիւններէն։ Գիրքին բովանդակութիւնը ունի հետեւեալ տեսքը.
Յառաջաբան
Եաշմաքը (1899)
Իր Ատելութիւնը (1906)
Անէծքը (1911)
Սաֆիէ (1911)
Նոր Հարսը (1911)
Փառքը (1913)
Թուրք Կնոջ Ազատագրութեան Հարցը (1914, նախապէս անծանօթ)
Նամէհրամը (1914, նախապէս անծանօթ)
Սպասումը (1914, նախապէս անծանօթ)
Մանկան մը Մահը (1919)
Սեմին վրայ (1924)
Մելիհա Նուրի Հանըմ (1928)
Քօղը (1914)
Վէպը (1914)
Բաւական է (1912)
Վերջին երկու գրութիւնները՝ «Վէպը» եւ «Բաւական է»ն նախապէս լոյս տեսած էին «Քօղը»ին հետ, Եսայեանի «Երբ այլեւս չեն սիրեր» խորագրով ու համանուն գրութիւնն ալ ներառնող հատորի մը մէջ երկու անգամ՝ նախ 1914ին (առանց «Բաւական է»ին), ապա 1925ին՝ Պոլիս։
Յաւելեալ այս երկու գրութիւնները մաս չէին կազմեր Գպրանեանի նախապէս անգլերէնով հրատարակած On the Threshold գրքի ծրագրին ու այս հատորի իր յառաջաբանով ներկայացուցած վիճարկումին։ Սակայն, տրուած ըլլալով, որ անոնք նախապէս լոյս տեսած էին մէկ կողքի տակ ու մնացեալին նման գրեթէ 100 տարի է մատչելի չէին գիրքի տեսքով, կը խորհինք որ անոնց յաւելումը այստեղ որպէս լոկ այդպիսին ոչ միայն չի նուազեցներ գրքին արժէքը, այլ ե՛ւս կ՚ընդլայնէ Եսայեանի վաստակին ըմբոշխնումը։ Գիրքը լոյս կը տեսնէ Բագին Դասական մատենաշարէն ու Բագինի սեփական ծախսերով։ Յառաջաբանին եւ Եսայեանի գրութիւնները անգլերէնի թարգմանելու համար Գպրանեան ստացած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» հայկական բաժանմունքին նիւթական աջակցութիւնը։
«Բագին»ի խմբագրութիւն
Յունիս 2025