
Այսու սրտի մեծ գոհունակութեամբ կը հաղորդենք, որ Տէր եւ Տիկ. Նազօ եւ Պայծառ Գարագաշեան 50.000 ամ. տոլար (յիսուն հազար) կը նուիրեն Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեան մարզամշակութային սրահ»ի սարքաւորումներու հարստացման աշխատանքներուն համար:
Սրահի կառուցումը երկու տարի առաջ սկսաւ շնորհիւ Ճեմարանի շրջանաւարտ Տօքթ. Ատրինէ Գարագաշեանի ՁՕՕ.ՕՕՕ (երկու հարիւր հազար) ամ. տոլարի իշխանական նուիրատուութեան:
Կը հաւատանք, որ Տէր եւ Տիկին Նազօ եւ Պայծառ Գարագաշեաններու առատաձեռնութիւնը վարակիչ պիտի դառնայ, որպէսզի նոր սերունդը կարենայ աշխատիլ աւելի յարմարաւէտ եւ արդիական կառոյցներու մէջ:
Պէյրութ, 03 Մարտ 2010
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ