
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Զ. Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 14, 15 եւ 16 Մայիս 2010ին, Լիբանանի մէջ, Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի Համազգայինի շրջաններն ու մեկուսի մասնաճիւղերը ներկայացնող պատգամաւորներու եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հ.Օ.Մ.ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Պարսկաստանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Երեք յաջորդական օրերու ընթացքին, Պատգամաւորական Ժողովը լսեց ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ տեղեկագիրը՝ Հայաստանի գրասենեակի, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Մարսէյլի Ճեմարանի եւ Սիտնիի Արշակ եւ Սոֆի Կոլսթըն Ճեմարանի, ինչպէս նաեւ °°Բագին°°ի, Վահէ Սէթեան տպարանի, հրատարակչական, գրատարածի, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի, կալուածներու եւ անոնց յանձանձումի եւ շրջաններու մասին: Բազմերես եւ լայնածիր գործունէութիւն մը, որ հանգամանօրէն քննուեցաւ Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ:
Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան, շրջաններէն եկած եւ պատգամաւորներու կատարած քննարկումներուն եւ առաջարկներուն հիման վրայ որդեգրուեցան գործունէութեան ուղենիշեր եւ կայացուեցան որոշումներ եւ մշակուեցաւ ծրագիր յառաջիկայ քառամեակին համար:
Պատգամաւորական Ժողովը հաստատեց, որ Համազգայինը կը շարունակէ հետապնդել իր կրթական-մշակութային առաքելութիւնը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Ընդգծուեցաւ, որ յատուկ ճիգ պէտք է թափել Համազգայինի գործունէութեան զանազան մարզերուն մէջ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու, յատկապէս՝ համալսարաններու շրջանակներէն ներս :
Համազգայինի աշխատանքի դաշտին ընդարձակումը նկատի ունենալով, ժողովը գնահատեց Կեդրոնական Վարչութեան նիւթական նոր եկամուտներ ապահովելու աշխատանքը, եւ կարգ մը Ֆոնտերու վերականգնման համար թափած ճիգերն ու ստացուած արդիւնքը:
Ժողովը ողջունեց շրջաններէն ներս արձանագրուած նախաձեռնութիւններն ու յաջողութիւնները, որոնք ճառագայթում ապահոված են Համազգայինին անցնող քառամեակին:
Վերջաւորութեան ժողովը ընտրեց Կեդրոնական Վարչութիւնը հետեւեալ կազմով.
Փափազեան Վաչէ (Լիբանան)
Եափուճեան Մկրտիչ (Լիբանան)
Ժամագործեան Վահէ (Սուրիա)
Հասրճեան Սիմոն (Գանատա)
Պայթարեան Կարօ (Լիբանան)
Կոստանեան Վերա (Լիբանան)
Եագուպեան Վիգէն (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)
Պաղտասարեան Մասիս (Հայաստան)
Սարգիսեան Սուրէն (Ֆրանսա)
Տեմիրճեան Մարտիկ (Լիբանան)
Ալեքսանտրեան Վարանդ (Լիբանան)
Պէյրութ, 16 Մայիս, 2010
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Զ. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ժՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ