
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին իսկ խօսքով, Կիրակի, 9 Դեկտեմբեր 2018-ին «Գէորգ Եսայեան» սրահ հաւաքուած հանդիսականները Համազգայինի 90-ամեակը խորհրդանշող դասական ձեռնարկի մը կ՛ակնկալէին ներկայ եղած ըլլալ, այնպէս ինչպէս սովորութիւն դարձած էր շատ մը յոբելեաններու յիշատակումին պարագային:
Կիրակի երեկոյեան, սակայն, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկով, կազմակերպիչ մարմինին երիտասարդները անակնկալ մը մատուցեցին բոլորիս: Ըլլալ, պահել աւանդականը, ունենալ այդ ամբողջ ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից ոճով բեմ բարձրացնել զայն: Այս էր ձեռնարկին միտք բանին։
Անոնք հայ մշակոյթի կարկառուն դէմքերը բեմ բարձրացուցին, վերապրեցուցին, անոնց մտահոգութիւնները ներկայ զարգացումներուն առնչեցին, ապա Համազգայինի պատմական ու ներկայ դերը գեղարուեստական եւ թատերական դուրեկան ներկայացումով մը ըմբոշխնել տուին հանդիսատեսին:
Բեմականացումը կատարած էին Յուշիկ Ղազարեանը, Շանթ Ուրիշեանն ու Գէորգ Արոյեանը: Ո՛չ քարոզներ, ոչ ալ յորդորներ հնչեցին բեմէն: