
Ընթացիկ տարուան մշակութային ձեռնարկները ընդհատուեցան աննախադէպ կերպով, սակայն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, պատշաճելով համաճարակին պատճառով ստեղծուած պայմաններուն՝ աշխուժօրէն կը շարունակէ իրականացնել բազմաթիւ ծրագիրներ օգտուելով համացանցի դրութենէն։ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորն ալ իր կարգին կը շարունակէ իր ծրագիրները առցանց:
Գրական միաւորի գրաբարի դասընթացքը, որ սկսած էր Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիլիթ Խաչատրեանի դասաւանդութեամբ շարունակեց իր ընթացքը՝ zoom-ով։ Լիլիթ Խաչատրեան բանասիրական գիտութիւններու թեկնածութիւնը ստացած է Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական մանկավարժական համալսարանէն եւ ներկայիս կը բնակի Լոս Անճելըս։ Գրաբարի դասընթացքը դադրեցաւ Մայիսին, նոյն թափով վերսկսելով Սեպտեմբերին։
Մանրամասնութինները կարդալ այստեղ: