
Կիրակի, 29 Սեպտեմբեր 2019 Համազգայինի տարեգրութեան մէջ պիտի արձանագրուի իբրեւ անջնջելի յիշատակ, փայլուն էջ մը եւս աւելցնելով շրջանի պատմութեան մէջ:
Երեկոն իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր՝ նախ իբրեւ նախատօնակ կազմակերպուած ըլլալով Հոկտեմբերին իրագործելի այլ մշակութային ձեռնարկներու, նաեւ իբրեւ զօրակցական հաւաք՝ ի նպաստ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հետզհետէ յարաճուն ծրագիրներուն եւ ապագայի կեդրոնի ընդարձակման կարիքներուն:
Ինչո՞ւ տոհմիկ օր: Ազգագրական մշակոյթի ծալքերուն տակ կենդանի կը մնայ մեր ազգութեան ծննդեան վկայագիրը, մեր զուլալ եւ քաղքենիութեամբ չվարակուած մշակոյթը՝ մեր ինքնութեան տոմսը:
Ճիշդ այս տարի, շուրջ դար ու կէս առաջ ծնած մեծն Կոմիտաս, իր հանճարով գտած էր մեր մշակոյթի՝ այս պարագային երաժշտութեան աղբիւրը՝ ժողովուրդը եւ վեր հանած էր անապական երգն ու խաղը: Հորովելն ու նման ազգագրական երգերը, հայկական ճարտարապետութիւնը, Քարահունջն ու իր տեսակի կոթողները, տոհմիկ տարազները ու նախնիներէն ժառանգուած գրական եւ այլ արժէքներ մեր մշակոյթի անթիւ նմոյշներէն են, որոնք կը ծառայեն ազգային ինքնագիտակցութեան արմատաւորման:
Տեղին է նշել, թէ օրուան սեղանները եւս կը կրէին հայ մշակոյթի, մասնաւորաբար ծննդեան 150-ամեակը նշող մեր հանճարներու խօսքերով:
Հայկական գորգերով, հայկական զարդանախշի եւ ձեռարուեստի գործերով, գեղջկական իրերով եւ գեղօններով, մանաւա՛նդ հայկական ազգային տարազի նմոյշներով զարդարուած բեմը պահիկ մը ներկաները տարաւ հայրենի գաւառ, որուն հանդէպ կարօտն ու կապուածութիւնը վառ կը մնան բոլորին մօտ, թէկուզ հայրենի աշխարհէն մղոններ հեռու։
Օրուան հանդիսավարն էր Վիլմա Գույումճեան, որ իր ողջոյնի խօսքէն ետք շեշտեց արուեստին եւ մշակոյթին անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքին մէջ։ «Մշակոյթը կը կատարելագործէ կեանքի ապրելակերպ», հաստատեց ան, աւելցնելով. «Համազգայինի առաքելութիւնն է հայ մշակոյթի պահպանումն ու տարածումը եւ կը գործէ ժողովուրդին համար: Մեր ազգը կը ստեղծագործէ, կ՛արարէ, կը հնարէ իր ինքնուրոյն արուեստը, դրսեւորելով իր ինքնութիւնը»: Ան դիւրահաղորդ կերպով վարեց յայտագիրը, անդրադառնալով հայ մշակոյթի հարուստ աւանդին, հայ ժողովուրդի գոյատեւման մէջ անոր անառարկելի դերին եւ այն հարուստ ժառանգութեան, որուն մշտարթուն ու պատնէշի վրայ կանգնած գիշերապահներն ենք՝ իբրեւ Համազգայինի անդամներ ու գործիչներ: