
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» (Հալէպ), «Վահան Նաւասարդեան» (Լաթաքիա) եւ «Համօ Օհանջանեան» (Քեսապ) մասնաճիւղերու գործակցութիւնը արդիւնաւորուեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Աշուղական համոյթին Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ ունեցած շքեղ ելոյթներով, մեծաթիւ հանդիսականներու ներկայութեան։
Համոյթը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի, Շաբաթ, 1 Մայիս 2021-ին, Լաթաքիոյ մէջ, իսկ Կիրակի, 2 Մայիս 2021-ին Քեսապի մէջ ներկայացուց աշուղական արուեստի գոհարներ՝ նուագախումբին եւ մենակատարներուն բարձրորակ կատարողութեամբ։
Համերգներու աւարտին խօսք առաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան եւ գնահատեց Համազգայինի Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերէն երեքին գործակցութիւնը, որուն արդիւնքով իրականութիւն դարձաւ այս ձեռնարկը: Ան գնահատեց նաեւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն ու արուեստագէտները:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: