
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութան Ա.Մ.Ն.-երու Արեւելեան Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան ժամանակակից գրականութեան 2021 տարեշրջանի մրցոյթի արդիւնքը։
Թէօլէօլեան մրցանակի մասնակից բազմազան գրութիւններու ընդմէջէն անդամներու մեծամասնութեան ձայնով դատական կազմը, երկար խորհդակցութիւններէ ետք մեծ դժուարութեամբ, յանգած է հետեւեալ որոշումին՝ հայերէնի մրցանակը կը յատկացուի Քարեն Չթճեան Բրեսդիի «Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ» - մանուկներու համար պատրաստուած գեղանկարազարդ գիրքին, իսկ անգլերէն մրցանակը կը յատկացուի՝ Լօլա Գունտաքճեանի երկլեզու բանաստեղծական հատորին, Lola Koundakjian, in English & Spanish - poems - The moon in the cusp of my hand։
Դատական կազմը «Աստղիկը կ՚ուզէ արագ մեծնալ» մանկապատանեկան գործը նկատեց այժմէական ու սրամիտ եւ մեծապէս քաջալերելի, նկատի ունենալով կարիքը նման գրականութեան։ Իսկ Լօլա Գունտաքճեանի երկլեզու երկը դատական կազմը գնահատեց իր իւրայատկութեամբ բանաստեղծի ներաշխարհի պատկերաւոր արտայայտման ձեւի հարազատութեան համար։
Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր, գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակցին` հայոց լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող շնորհալի հեղինակներու: «Համազգային»ի հիմնական նպատակն է այս մրցանակի միջոցով քաջալերել ու լայն հանրութեան հասցնել հայերէն լեզուով կամ հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներուն:
Դոկտ. Քարին Չթճեան Բրեսդի բազմաթիւ մրցանակներ ստացած է։ Ան երաժշտութեան դասախօս է, U.C.L.A.ի մէջ։ Նաեւ ան մանկավարժ, յօրինող, մեկնաբան, կատարողական արուեստի մասնագէտ է ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ, յօրինումներ։ Իր դոկտորայի աւարտաճառը Խորհրդային ժամանակաշրջանի ընկերային իրականութեան ազդեցութիւնը հայ երաժիշտներու յօրինումներու կամ ստեղծագործութիւններու մասին էր U.S.C.էն։
Բանաստեղծ, արուեստագէտ, խմբագիր Նիւ Եօրքաբնակ Լօլա Գունտաքճեան հիմնադիրն է Հայ Բանաստեղծութեան Ցանցին։ Ան ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ։ Վկայուելէ ետք Մագիստրոսի տիտղոսով Columbia համալսարանէն, ան մասնակցած է բազմաթիւ համագումարներու, եւ իր գիտական ուսումնասիրութիւնները լոյս տեսած են համագումարներու զեկոյցներուն մէջ։
Դատական կազմի անդամներն են. Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Պրն. Կարէն Ջալլաթեան (Գալիֆորնիա), Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ) եւ Դոկտ. Միրնա Տուզճեան (Քալիֆորնիա):