
ամազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային 15-րդ Ներկայացուցչական երկօրեայ ժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Փետրուար, 2009-ի երկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Կլէնտէյլի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ:
Ժողովի բացման հանդիսութեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շրջանիս ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսրլեանի կողքին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր նորանշանակ հիւպատոս՝ պր. Գրիգոր Յովհանիսեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՀՅԴ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Սեդօ Պօյաճեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ-Սուիրոյ ներկայացուցիչ՝ Վահէ Ժամագործեան, Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Զարմայր Սեդրակեան, ՀՕՄ Շրջանային վարչութան փոխ ատենապետուհի՝ Սօսի Փոլատեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնէն՝ Վարդան խալաթեան, Պոսթընէն «Արմէնյէն Ուիքլիի» խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, Մոթրէալէն՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր՝ Աբօ Պօղիկեան, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ իր վարչութեան բոլոր անդամները, Համազգայինի նախկին Կեդրոնական եւ Շրջանային Վարչութիւններու անդամներ, Համազգայինի մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ Միաւորներու վարիչ մարմիններու կազմերը, Համազգայինի բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեալները, հրաւիրեալներ եւ աւելի քան հարիւր հիւրեր:
Բացման պաշտօնական բաժինը սկսաւ առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Գէորգ Պետիկեան բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսքեր արտասանեց:
Յանուն Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան՝ ատենապետ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան նախ սրահը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան ի յարգանս նորոգ հանգուցեալ համազգայնական ընկերներու Գրիգոր Շահինեանի (Պէյրութ) եւ Լեւոն Գասպարեանի յիշատակներուն, որմէ ետք սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց իր ատենապետած կազմին, անցնող երկու տարիներու ընթացքին ձեռք ձգած յաջողութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Ապա, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան առաջնորդ Մուշեղ սրբազան, Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Սեդօ Պօյաճեան, Գրիգոր Յովհանիսեան, որոնք բոլորն ալ վեր առին Համազգայինի եւ համազգայնականներուն այս առթիւ տարած մտքի, նիւթի եւ ժամանակի զոհաբերութիւնն ու միաժամանակ յայտնեցին իրենց դրական զօրակցութիւնը՝ մշակոյթի ծիրէն ներս Համազգայինի դիմագիծը վառ պահելու բոլոր աշխատանքներու իրագործման:
Իր կարգին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Եդուարդ Մսրլեան ժողովին յաջողութեան եւ բարի երթի կոչէն ետք, մաղթեց, որ Համազգայինը այս ափերուն վրայ առաւել կազմակերպուի եւ զօրանայ ու շարունակէ իր երթը, ի խնդիր մեր դարաւոր մշակոյթի պահպանման, տարածման եւ բարգաւաճման:
Սրբազան հօր պահպանիչով եւ սեղանի օրհնութեամբ՝ վերջ գտաւ պաշտօնական բաժինը, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն, ինչպէս նաեւ պարգամաւորներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերուն միջեւ մտերմիկ մթնոլորտ:
Ապա, յաջորդ օր, Շաբաթ, 21 Փետրուար, 2009ին կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, դարձեալ ՀՕՄի Կլէնտէյլի Շրջանային վարչութեան Կլէնտէյլի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ, Համազգայինի շրջանի Ներկայացուցչական 15-րդ ժողովը անցաւ իր աշխատանքերուն՝ մասնակցութեամբ Սան Ֆերնանատօ Հովիտի, Փասատինայի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Օրէնճ Քաունթիի եւ Ֆրեզնոյի մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ ÿÿԵրաժշտականÿÿ ÿÿԱրուեստÿÿի, ÿÿԱնիÿÿ պարախումբի եւ ÿÿՀայկական Աւանդոյթներÿÿու միաւորներու վարիչ մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Շրջանային 15-րդ Ներկայացուցչական ժողովի 24 լիազօր ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան այս շրջանի ներկայացուցիչ Եդուարդ Մըսրլեանն ու Սուրիոյ շրջանի ներկայացուցիչ Վահէ Ժամագործեան, Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետը, Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամները եւ 14 խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ եւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան բոլոր անդամ-անդամուհիները:
Ժողովը լսելէ ու քննելէ ետք ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ նիւթա-բարոյական տեղեկագրերը, քննեց շրջանս մտահոգող բոլոր էական հարցերը, մասնաճիւղերը աշխուժացնելու եւ երիտասարդացնելու էականութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, այս առթիւ կատարեց իր գնահատումները, մատնանշումներն ու թելադրանքները եւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան յաջորդող երկու տարիներուն համար ըրաւ առաջարկներ:
Ժողովի աւարտին, ընտրուեցաւ նոր Շրջանային Վարչութիւնը հետեւեալ կազմով.-
դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Անիթա Հաւաթեան, Մանիշակ Մարգարեան, Օհան Օհանեան, Լիւսի Չուխաճեան, Ծովինար Ղազարեան- Մելքոնեան, Միրէյ Տուզճեան-Տէր Յովհաննէսեան եւ Վիգէն Հարպոյեան: