Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ

Երկուշաբթի, 14 Յունիս 2021-ին ընթացք առաւ Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղի կազմակերպած Փարոս-ամառնային դպրոցը՝ «հայերէն Խօսինք» նշանաբանով, հայերէնին հանդէպ մատղաշ սերունդին մօտ հետաքրքրութիւն ստեղծելու եւ պատանիները անսխալ հայերէն խօսիլ վարժեցնելու միտումով։ Արդ, վարչութիւնը յանձնախումբ մը յառաջացուց, որ դասապահերու կողքին ուսուցողական խաղեր, պտոյտներ եւ մրցումներ կազմակերպեց։
Հինգշաբթի, 8 Յուլիս 2021- ի յետմիջօրէի ժամը 4։00- ին, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ա. Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ մը, Գամիշլիի մօտակայ Տմխիա գիւղի Մար Ահօ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: