
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» Մասնաճիւղը ամառնային մշակութային երեկոյով մը վերսկսաւ իր գործունէութեան։
Թագավարակի համաճարակի հետեւանքով, շուրջ մէկուկէս տարուան ակամայ դադարէ ետք, նորընտիր վարչութիւնը որոշեց մշակութային երեկոյով մը դարձեալ իրար մօտ բերել ու խանդավառել մեր անդամներն ու բարեկամները, որոնք կարօտով կը սպասէին նախկին օրերու վերադարձին։
Արդարեւ, Ուրբաթ, 30 Յուլիս 2021, երեկոյեան ժամը 8։30-ին, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ բացօդեայ գեղեցիկ ձեռնարկ մը, ազդարարելով մեր գաղութի մշակութային կեանքի վերսկսումը։ Ներկայ էին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ․ Խորէն Արք․ Տողրամաճեանը, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Տէր եւ Տիկին Վարդգէս Մահտեսեանները, քահանայ հայրեր, ՀՅԴ եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը, մասնակցութեամբ Համազգայինի Նիկոսիոյ «Սիփան» եւ Պետական Ներկայացուցիչի նախաձեռնած մանկապատանեկան «Նանօր» պարախումբերուն։ Ներկաները մեծապէս գնահատեցին աշխատանքը պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանին, որ կրցած էր կարճ ժամանակի մէջ վերականգնել երկու խումբերը եւ հանրութեան ներկայացնել ութ գեղեցիկ պարեր։
Յայտագիրը շքեղօրէն ճոխացուցին նաեւ գաղութի սիրուած երաժիշտներ՝ Զարա Բարխուդարեանը, որ մեկնաբանեց «Մարտիկի Երգը» եւ «Իմ Արաքս» երգերը, եւ Լիլիա Դանիէլեան-Խաչատրեանը, որ դաշնակով ընկերացաւ իր զաւկին Ալեքս Խաչատրեանի սաքսոֆոնային կատարումներուն, «Հողի Պաշտպաններ» եւ «Պիտ Պաշտպանեմ» իր իսկ հեղինակած կտորներով։
Յայտագրի վերջաւորութեան, երկու պարախումբերու միացեալ «ֆինալ»էն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Խորէն Սրբազանը, որ իր Սրտի Խօսքով քաջալերեց պատանիներն ու երիտասարդները ու «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը։