
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տաւիղ» նուագախումբի համերգը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի:
Յայտագիրին պաշտօնական բացումը կատարեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ իր խօսքը սկսաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին անունով բարի գալուստ յայտնելով ներկաներուն: Սուրճեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Տաւիղ» նուագախումբը Համազգայինի սիրուած խումբերէն մէկն է, որ հետզհետէ ինքզինք կը պարտադրէ մեր գաղութին մէջ` աշխուժ մասնակցութիւն ունենալով կարեւոր ձեռնարկներու ընթացքին, որոնցմէ է օրինակ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկը: Սուրճեան նաեւ յիշեց ՀՄԸՄ-ի 100 ամեակի ձեռնարկը, ուր «Տաւիղ»-ը իր մասնակցութիւնը բերելով մեծ քաջալերանքի արժանացաւ: Սուրճեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց նաեւ «Տաւիղ»-ի գործունէութեան սկզբնական շրջանը, որուն ընթացքին խումբին մէջ կ՛օգտագործուէին միայն կիթառ եւ ջութակ: Հետզհետէ աճելով եւ մեծնալով` այսօր նուագախումբը կազմուած է տարբեր տեսակի նուագարաններէ, ինչպէս օրինակ` ձեռնադաշնակ, քանոն, տհոլ, շուի եւ այլն: Սուրճեան երախտագիտական յատուկ խօսք ուղղեց նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեանին` ընդգծելով անոր նուիրուածութիւնը այս խումբի յաջողութեան նկատմամբ: