
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պալէի դպրոցի աշակերտները, որոնց միացան նաեւ նոյնանուն դպրոցէն եւ «Քնար» պարախումբէն անդամներ, 13 Դեկտեմբեր 2019-ին, Սին Էլ Ֆիլի «Նեպիլ Քահհալէ» սրահին մէջ շատ հետաքրքրական ձեւով եւ տօնական ուրոյն տրամադրութեամբ ներկայացուցին Չայքովսկիի աշխարհահռչակ «Տը նաթքրաքըր» պալէն` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ժաքլին Սարխոշեանի:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ բեմին վրայ փայլող մեծերն ու փոքրերը սրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն պարգեւեցին տօնական մթնոլորտին մէջ ապրելու իւրայատուկ առիթ` իրենց պարերով, պարային-թատերական ներկայացումներով: Բացայայտ էր, որ տարուած էր բծախնդիր ու հետեւողական աշխատանք, որուն արգասինքն էր այդպէս մեծաթիւ աշակերտները բեմ բարձրացնելն ու այդպէս հարուստ պարային պատկերներով հանդիսատեսներուն ներկայանալը: